Նոր Տարուայ Եւ Սուրբ Ծննդեան Միջ-Եկեղեցական Համերգ Քուէյթի մէջ

Տարիներու աւանդոյթի համաձայն՝ Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ռում Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան երգերու եւ շարականներու համերգ նախագահութեամբ՝ մասնակցող եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:
Քուէյթի հայ համայնքը, նախագահութեամբ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի սոյն համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ Քուէյթի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբով, ղեկավարութեամբ տիար Ճորճ Արապաթլեանի, որ այս առթիւ կատարեց հետեւեալ երգերը.- Silent Night-Լուռ գիշեր, Սուրբ Ծնունդ եւ «Քրիստոս Ի Մէջ» (Մ.Եկմալեան):
Բացի հայ համայնքէն՝ ելոյթ ունեցան նաեւ Ռում-ուղղափառ, Ղպտի Կաթողիկէ, Ռում Կաթողիկէ, Լատինաց եւ Մարոնիթ եկեղեցիներու երգչախումբերը: Իւրաքանչիւր խումբի ելոյթէ առաջ օրուան հանդիսավարը գեղեցիկ նախաբանով մը բեմ հրաւիրեց զանոնք: Ուշագրաւ էր եւ բաւականին յուզիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մասին հնչած խօսքը, որով կը գովաբանուէր մեր հազարամեայ պատմութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը եւ վեր կ’առնուէր ապրելու եւ մաքառելու ոգին:
Համերգի եզրափակումը կատարեցին մասնակցող բոլոր երգչախումբերը, միասնաբար երգելով «Joy to the world» երգը՝ անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով:
Այս մասին կը յայտնէ Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի ֆէյսպուքեան էջը: