Ուրախ Լուր. Հայ Երիտասարդը Ղազախստանի «Ոսկէ Գիրքին ՄԷջ»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/12/ղազախստան2-1.jpg)
Դեկտեմբեր 12-ին Ղազախստանի Քոստանա քաղաքին մէջ իսկական տօնակատարութիւն էր, որուն կը մասնակցէր նաեւ մարզի ղեկավարը: Ամփոփուեցան տարուան արդիւնքները, եւ տարբեր անուանակարգերու մէջ 12 մարդ դարձաւ դափնեկիր:
«Հայերն այսօր»-ը ուրախ է տեղեկացնելու, որ անոնց մէջ էր նաեւ մեր հայրենակից Հրաչ Մարտիրոսեանը, որ արձանագրուեցաւ Ղազախստանի երիտասարդութեան «Ոսկէ գիրքին մէջ»: Հրաչը այդ բարձր պատուին արժանացած է ոչ միայն իր գիտելիքներու, երգարուեստի եւ ազգային պարերու կատարման ոլորտին մէջ ցուցաբերած յաջողութիւններուն, այլեւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան, համայնքային կեանքին մէջ ունեցած մեծ ներդրման համար:
Աւելցնենք, որ Հրաչ Մարտիրոսեան Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի առաջին մասնակիցներէն է, որ հէնց այդ օրերուն իրեն համար «յայտնագործեց» Հայաստանը, կապուեցաւ անոր հետ ու այդ օրուընէ սկսած` ամէն տարի կ’այցելէ հայրենիք, կը մասնակցի հայապահպանական շատ ծրագիրներու:
Ի դէպ, Մարտիրոսեաններու ընտանիքը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան կողմէ իրականացուող «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն հայկական ընտանիք» անուանակարգին մէջ այս տարի արժանացած է 3-րդ մրցանակի:
Մենք սրտանց կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցը: Մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ: