Դաւիթ Նալպանտեանի առաջին յաղթանակը

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման նախկին 3-րդ դիրքը գրաւած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէն ետք մուտք գործեց ինքնաշարժներու աշխարհ:

2015-2016-ի ժամանակամիջոցին ան երկու անգամ, ինքնաշարժներու միջազգային մրցաշարքերու մասնակցեցաւ, առանց սակայն յաջողութիւն գտնել կարենալու:

Սակայն վերջերս ան արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` «Քոփա Մաքսի Ռալլի»-ի մրցումին, տիրանալով տիտղոսին, կը յայտնէ «Ի. Էս. Փի. Էն.»:

Նշենք, որ վերոնշեալ մրցաշարքին կը մասնակցին իրենց երկրի եւ միջազգային ախոյեանութիւններու կամ մրցաշարքերու ընթացքին յաջողութիւն չարձանագրած վարորդներ:

Այս մասին կը յայտնէ abakanews.org:

Scroll Up