Քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի Նուէրը Հայ Աւետարանական Գոլէճին

Հայ Աւետարանական Գոլէճի բարեզարդման աշխատանքներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2016-ի, երեկոյեան ժամը 8-ին, Գոլէճի դահլիճին մէջ, դպրոցին եւ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ պատասխանատուներու ու բարեկամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի նուիրած քանդակին վիճակաձգութիւնը: Վիճակահանութիւնը կազմակերպուած էր ի նպաստ ՀԱԳ-ի մանկապարտէզի բարեզարդումին:

Տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ ՀԱԳ-ը ո՛չ միայն գոյապահպանման, այլեւ՝ յառաջդիմութեան վճռակամութեամբ կը գործէ, եւ այդ առումով արտաքին բարեզարդումը մեծ կարեւորութիւն ունի: Իսկ նիւթական ներդրումի կարօտ այդ աշխատանքը կարելի է իրականացնել բարեկամներու աջակցութեամբ, որուն համար ՀԱԳ-ը շնորհակալ է լիբանանահայ դպրոցի յարատեւման ջատագով Պր. Ռ. Թոքաթլեանէն եւ վիճակահանութիւնը քաջալերող բոլոր  բարեկամներէն:

Այս մասին կը յայտնէ ragmamoul.net:

Scroll Up