Կրանիթ Սիթիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ 62-ամեակի Տօնախմբութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/12/DERTORKOM-300x225.jpg)
Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան
Կիրակի Դեկտեմբեր 11, 2016ին, Կրանիթ Սիթիի ու անոր շրջակայ մեծագոյն Սէնթ Լուիսի հայ համայնքի պատուական զաւակները հաւաքուած էին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ, տօնելու եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 62 ամեակի բարեբաստիկ տարեդարձը: Գաղութս ժամանած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, որ այս առիթով մատուցանեց Սուրբ եւ Անմահ պատարագ: Իրեն կը սպասարկէր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան, իր հետ ունենալով սարկաւագներու, ուրարակիրներու ու դպիրներու ծառայասէր խումբ մը: Գաղութը ապրեցաւ կրկնակի հրճուանք, որովհետեւ պատարագի ընթացքին իր արժանաւոր զաւակներէն դպրութեան չորս աստիճաններ ստացան Զաւէն Նալպանտեանը (կրտսերագոյն), Րայըն Վարատեանը, Սառա Վարատեանն ու Նազարէթ Տոնճոյեանը: Իսկ ուրար կրելու իրաւունք ստացաւ Զաւէն Նալպանտեան (կրտսեր):
Ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Հայրը խօսեցաւ յաւուր պատշաճի քարոզ: Ան նախ շնորհաւորեց Հոգեւոր Հովիւը, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնն ու անոր յարակից կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, 62 ամեակի շքեղ տօնակատարութեան առիթով: Ձեռնադրուողներուն, անոնց ծնողներուն ու բարեկամներուն յայտնեց շնորհաւորական ու գնահատական խօսքեր, յորդորելով սիրով ընդունիլ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը խորհրդանշող համեստ աստիճանները, բայց նաեւ չբաւարարուիլ անոնցմով, այլ միշտ ձգտիլ բարձրին ու աւելի պատասխանատու աշխատանքով ծառայել եկեղեցւոյ ու ազգին:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ գաղութի անդամները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, ուր զոյգ՝ ԱՄՆի ու Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ճաշկերոյթը սկիզբ առաւ: Այս միջոցին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Շնորհաւորական խօսք առին եկեղեցւոյ կազմակերպութիւններու ու յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնց յաջորդեցին ասմունք՝ Սիլվա Կապուտիկեանէն, երաժշտական տարբեր կատարումներ ու Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտութեան կողմէ հաւաքական ընթերցում ու երգ: Համայնքի անդամները դիտեցին եկեղեցւոյ միամեայ կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող կարճ տեսերիզ:
Գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին, Հոգեւոր Հովիւին ու Հոգաբարձութեան խնդրանքին ընդառաջելով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ առաքուած գնահատագիրները բաշխուեցան ձեռամբ Անուշաւան Սրբազանի: Գնահատագիրներ ստացան Րիչըրտ Ասատուրեան եւ Սարգիս (Սէմ) Սփըթարոյ, տարիներու իրենց ծառայութեան ու աշխատանքին իբրեւ վարձատրութիւն, իսկ նոր ձեռնադրուած դպիրներն ու ուրարակիրը ստացան Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած յատուկ վկայագիրներ:
Աւարտին՝ Հոգեւոր Հովիւին սրտի խօսքէն ետք, եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Անուշաւան Սրբազան, որ գնահատեց համայնքի մէջ տարուող աշխատանքը, իւրաքանչիւր անդամի նուիրուածութիւնը, ինչպէս նաեւ մանուկներու ներկայութիւնը, որոնց ընդմէջէն յստակօրէն կը տեսնուի եկեղեցւոյ պայծառ ապագան: Ան մաղթեց որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքը շարունակէ իր ժրաջան ծառայութիւնը բերել յառաջիկայ տարիներուն ու հոգայ հոգեւոր թէ ազգային ծովածաւալ կարիքները մեր սիրելի ժողովուրդին:
Այս մասին կը յայտնէ Հայրենիք: