Տինքի Ընկերները Ցոյց Կազմակերպած Են. Արդար Դատավարութիւն Կը Պահանջեն
«Հրանդի ընկերներ» նախաձեռնութեան անդամները Դեկտեմբեր 19-ին բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են Սթամպուլի Չաղլայեան արդարադատութեան պալատի շէնքին առջեւ:
«Ակօս»-ը կը հաղորդէ, որ նախաձեռնութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Տինքի սպանութեան մանրամասնութիւնները թաքցնելու եւ արդար պայմաններու մէջ դատավարութեան իրականացման գործընթացը խանգարելու հարցով պետութիւնն ու յանցագործները միասին գործած են:
Նախաձեռնութեան անդամները նշած են, որ արդար դատավարութեան սպասումներն ու յոյսերը անիրական կը թուին վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ բռնութիւններու ու անօրէնութիւններու յաճախակի դարձած դէպքերուն պատճառով, ու հակառակ ատոր` Տինքի ընտանիքն ու դատավարութեան հետեւողները պիտի շարունակեն արդարութիւն պահանջել մինչեւ վերջ:
«Հրանդի ընկերներ»-ը շեշտած են, որ դատախազութեան կողմէ սպանութեան մեղքը միայն կիւլենականներու վրայ բարդելու մղումը կը բարդացնէ արդար դատավարութեան եւ անկողմնակալ վճիռի հասնելու գործընթացը:
Տինքի սպանութեան գործով մեղադրեալներու աթոռին յայտնուած նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ յարուցուած են նաեւ դատական գործեր Յուլիս 15-ի ռազմական յեղաշրջման փորձի հետ առնչութիւն ունենալու մեղադրանքով:
Ի դէպ, Տինքի սպանութեան հետ անոնց անմիջական կապի մասին փաստող տեսանիւթերը ի յայտ եկած են յեղաշրջման փորձի գլխաւոր կազմակերպիչ համարուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի կողմնակիցներու դէմ պետութեան կողմէ սկսած լայնածաւալ որսի ընթացքին:
Սեպտեմբերին համացանցի մէջ յայտնուած էր տեսանիւթ մը, ուր Տինքի սպանութեան օրը կ՛երեւի, թէ ինչպէս մարդասպան Օկիւն Սամասթը իր քայլերը կ՛ուղղէ դէպի «Ակօս»-ի խմբագրութեան շէնք, այդ նոյն տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին նոյն տարածքին մէջ անհանգիստ այս ու այն կողմ քալող տղամարդիկ, որոնք, կարծես, նշան կու տան Օկիւն Սամասթին:
Աւելի ուշ համացանցի մէջ տարածուած է եւս տեսանիւթ մը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս թրքական ոստիկանութեան պաշտօնեաներէն մէկը բանտին մէջ կ՛ողջագուրուի եւ կը լուսանկարուի Սամասթին հետ: