Նոր Ջուղայի Թատրոնի Հիմնադրման 130-Ամեակին Առիթով. Հայաստանի Թատերախումբը Իրանի ՄԷջ
Նոր Ջուղայի թատրոնի հիմնադրման 130-ամեակի յոբելենական յանձախումբի նախաձեռնութեամբ` Դեկտեմբեր 8-ին Նոր Ջուղայի Հայոց ազգ. կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ, Հայաստանի «Ովասիս» մնջախաղաի թատերախումբը, բեմադրութեամբ Ռոբերտ Ծատուրեանի, հանդէս եկաւ Շեքսփիրի «Լիր արքայ» թատերգութեամբ:
Ինչպէս Իրանէն «Հայերն այսօր»–ին կը տեղեկացնէ Երանուշ Թահմազեան` հանդիսատեսին ողջունեց յոբելենական յանձնախումբի նախագահ Նիկիտ Միրզայեանսը եւ հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել 1988-թ. Դեկտեմբեր 7-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներու յիշատակը, ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 130-տարի առաջ Բեգլար Աղայեանի ջանքերուն շնորհիւ հիմք դրուած Նոր Ջուղայի թատրոնի պատմականին եւ գեղեցիկ զուգադիպութիւն համարեց այն, որ յոբելենական ձեռնարկներու մեկնարկը տրուած է Բ. Աղայեանի թոռնիկին` Իրանի առաջին կին ֆիզիքոս եւ աստղագիտութեան մայր կոչումին արժանացած «Ալենուշ Տէրեան»-ի անուան դահլիճին մէջ, այնուհետեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց «Ովազիս» թատերախումբի եւ Իրան գտնուելու անոր առաքելութեան մասին:
Շնորհալի դերասաններու մասնակցութեամբ բարձր մակարդակի վրայ իրականացուած ներկայացումէն ետք` Սպահանի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ` Տ. Սիփան ծ.վրդ. Քեչեճեան հանդէս եկաւ գնահատանքի եւ քաջալերանքի խօսքերով` ուղղուած բեմադրիչին եւ դերասաններուն, որոնք մնջախաղի ներկայացմամբ յաջողեցան կատարեալ կերպով փոխանցել թատերգութեան հիմքին ինկած պատգամը: Վերջինս նաեւ գնահատանքի խօսք ըսաւ յոբելենական յանձնախումբին` ներկայացումը կազմակերպելու եւ Նոր Ջուղայի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին` կազմակերպչական աշխատանքներուն համագործակցութիւն ցուցաբերելու առումով:
Յաջորդիւ ազգային իշխանութիւնը, ձեռամբ Հայր Քեչեճեանի, պարգեւատրեց թատերախումբի անձնակազմն ու խումբին ընկերակցող Անդրանիկ Խեչումեանը:
Յատկանշելի է, որ Սպահանի Հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի որոշմամբ 2017 թուականը յայտարարուած է Նոր Ջուղայի թատրոնի տարի, եւ յոբելենական ձեռնարկներու աշխատանքները համակարգելու համար կեանքի կոչած է Յոբելենական յանձնախումբ:
Յիշեցնենք, որ «Ովասիս» թատերախումբը Իրան ժամանած էր մասնակցելու 2016 թ. Դեկտեմբեր 2-7- Սպահան քաղաքին մէջ «Օմիտ աֆարին» խորագիրի ներքոյ կայացած` ֆիզիքական սահմանափակումներ ունեցող թատրոնի միջազգային 4-րդ փառատօնին: Ներկայացման անդրանիկ ելոյթը տեղի ունեցած է Դեկտեմբեր 5-ին` պարսկական «Ֆարշչիան» դահլիճին մէջ, ուր բացի փառատօնի մասնակիցներէն ներկայ եղած են հոծ թիւով հանդիսատես, ներառեալ` Նոր Ջուղայի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի անձնակազմն ու հայ համայնքի այլ ներկայացուցիչները: Փառատօնի լսողական սահմանափակում ունեցող բաժինին մէջ իրաւարար կազմի գնահատմամբ` «Լաւագոյն դերասան» անուանակարգին մէջ Սարգիս Սարգսեան շահած է առաջին մրցանակը, «Լաւագոյն դերասանուհի» անուանակարգին մէջ Մերի Ծատուրեան` երկրորդ, իսկ «Զգեստներու ձեւաւորում» անուանակարգին մէջ Ռոբերտ Ծատուրեան գրաւած է երրորդ տեղը: «Ովասիս թատերախումբը արժանացած է հանդիսատեսի յոտընկայս ծափերուն:
Թատերախումբը կը ներկայացնէին`
Ռոբերտ Ծատուրեան` բեմադրիչ եւ Լիր արքայի դերակատար
Մերի Ծատուրեան` Քորտելա (Լիր արքայի դուստր)
Սէրին Քերիմեան` Ռեկան (Լիր արքայի դուստր)
Շուշան Սահակեան` Կոներիլ (Լիր արքայի դուստր)
Մերի Ղազարեան` ճգնաւոր
Կարէն Եսայեան` Ալպանիի մարզպետ
Արտակ Յակոբեան` Քոռնոյէի մարզպետ
Սարգիս Սարգսեան` ծաղրածու
Սամուէլ Յովհաննիսեան` Ֆրանսայի իշխան
Լուսանկարները` հեղինակին