Գամիշլիի Մէջ Նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Անուանակոչութեան Տօնը

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին անուանակոչութեան տօնը, ըլլալով Գամիշլիի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը նաեւ աւանդաբար կը նշուի յատուկ ծիսակատարութեամբ եւ մեծ շուքով: Այս մասին, ըստ «Գանձասար»-ի, կը հաղորդէ Բժշկհ. Մարի Մելքոն։

Արդարեւ, Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղի եւ մատաղի օրհնութիւն: Նախքան Հերիսայի պատրաստութիւնը, օրհնուած աղը փոքր տուփերով բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Նոյն օրը ուշ գիշերին, խումբ մը կամաւորներ ընկերակցեցան եկեղեցւոյ Աղքատախնամ Մարմնին եւ Եկեղեցասիրաց Տիկնաց Յանձնախումբին` միասնաբար պատրաստելու աւանդական Հերիսան:

Այս տքնաջան աշխատանքը շարունակուեցաւ մինչեւ Կիրակի առաւօտուն, երբ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Տէր Պսակ Քահանայ Պէրպէրեանի գլխաւորութեամբ: Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի կեանքին եւ ուժեղ հաւատքին, նշելով որ հաւատքն ու աշխատանքը աշխարհի փորձութիւնները յաղթահարելու գլխաւոր ազդակներն են, իսկ աշխատանքը հաւատքին համահաւասար զօրութիւն կը պարգեւէ մարդ արարածին` դէմ դնելու ամէն տեսակի դժուարութեան ու նուաճումներ արձանագրելու նոյնիսկ ծանր պայմաններու մէջ:

Ապա քահանայ հայրը այս առիթով շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրողներն ու Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցին:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հերիսայի օրհնութեան արարողութիւնը, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան միջնակարգի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Հերիսայի բաշխումը:

Ամէն տարի գամիշլիահայութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ եւ հաւատքով կը նշէ այս տօնը, իսկ օրհնուած Հերիսան մեր ժողովուրդին համար վերածուած է իղձերու իրականացման, բարօրութեան եւ համայն աշխարհի խաղաղութեան սուրբ նշանի:

15665571_1002676556501037_220020385027349810_n

15541279_1002676186501074_574901683480049137_n

15542467_1002676516501041_4140731927478803583_n

15622362_1002676379834388_1948331699451411461_n

15578630_1002676799834346_5156362846121566734_n

15589806_1002676746501018_3600759409641174521_n

15578491_1002676206501072_4679562624146103498_n

Scroll Up