Լարսի Ճանապարհը Բաց Է Բոլոր Տեսակի Փոխադրամիջոցներուն Համար

Վրաստանի ենթակառուցուածքներու եւ տարածքային զարգացման նախարարութեան ճանապարհային բաժանմունքէն ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութեան կը տեղեկացնեն, որ Դեկտեմբեր 19-ին` ժամը 10:00-ի դրութեամբ, Ստեփանծմինտա – Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցներուն` ներառեալ նաեւ ծանրաքարշ ինքնաշարժներու համար: