Ֆրանսա Հայ դատի յանձնախումբը Կարօ Փայլանի զօրակցութեան ստորագրահաւաքի մը ձեռնարկած է
Հայ դատի յանձախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան՝ Էրտողանի վարչակարգին ալ օրհնութեամբ՝ այսուհետեւ մահուան լուրջ սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի:
Կ՚ըսուի, թէ HDP-ի շարքերէն առաջին ձերբակալութիւններու ալիքէն ետք՝ ներկայիս Էրտողանի վարչակարգին եւ AKP կուսակցութեան յարձակումներու կարգը հասած է Կարօ Փայլանին:
«Մինչ՝ իր ընկերներու ձերբակալութեան վաղորդայնին, Խորհրդարանին մէջ՝ ան կը կատարէր անոնց պաշտպանողականը եւ կը յայտնէր ժողովրդավարութեան ի խնդիր պայքարը շարունակելու իր վճռակամութիւնը, ուղղակի AKP կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատուներուն միջոցով ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառութեան դրուեցան իր դէմ ատելութեան տեսանիւթեր, պատգամներ, քարոզչութիւն։ Դեռ այս շաբաթ, AKP կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահը խոստովանեցաւ, որ ինք նախաձեռնած եւ շրջանառութեան դրած է լուսանկարներու մոնթաժներ, որոնք կը պախարակեն Փայլանը եւ որոնց հետապնդած միակ նպատակը յայտնապէս՝ թուրք ժողովուրդի ազգայնական մէկ հատուածին՝ հայ երեսփոխանին հանդէպ ատելութիւնը սրելն է», կ՚ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Հայ դատի յանձնախումբը կը զգուշացնէ, որ այս սպառնալիքները պէտք չէ ստորագնահատել: «Յիշենք, որ 2000-ական թուականներու սկիզբը ծայր առած նման ընթացքն է, որ 2007 Յունուար 19-ին յանգեցուց Հրանդ Տինքի սպանութեան», կ՚ըսէ Հայ դատի յանձնախումբը:
Այնուհետեւ, կոչ կը յղուի ֆրանսացի եւ եւրոպացի քաղաքական դէմքերուն, որ լաւ գնահատեն խնդրոյ առարկայ այս վերջին զարգացումները:
«Կը մերժենք, որ 10 տարի առաջ Հրանդ Տինքին վիճակած ճակատագիրը բաժին իյնայ նաեւ Կարօ Փայլանին։ Քաղաքական մեր պատասխանատուներէն եւ ղեկավարներէն կը պահանջենք, որ հրապարակաւ դիրք որոշեն եւ ամէն միջոց գործի լծեն Կարօ Փայլանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, որպէսզի ան կարենայ Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ շարունակել թուրք ժողովուրդի ներկայացուցչի իր պաշտօնը՝ ապահով պայմաններու մէջ։
Միացէք ստորագրահաւաքին եւ ստորագրել տուէք ուրիշներուն», տողերով կ՚աւարտի հաղորդագրութիւնը:
Ստորագրահաւաքի հասցէն է՝
https://www.change.org/p/