Փարիզի ՄԷջ 82 Տարեկանին Կեանքէն Հեռացած Է Անտրէ Սեֆերեանը

Փարիզի մէջ 82 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Վեթերաններու ազգային ընկերակցութեան նախագահ Անտրէ Սեֆերեան, կը յայտնէ Nouvelles d’Armenie-ն:
Պարբերականը կը յայտնէ, որ Սեֆերեան ընկերակցութեան նախագահ ընտրուած էր 2016-ի Փետրուարին: Անտրէ Սեֆերեանին հրաժեշտ տալու արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ հայկական Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ: