Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի տարեկան պազարը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/12/15420906_1412920358732824_3565378248771714544_n.jpg)
Հ. Կ. Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի տարիներ աւանդոյթ դարձած տարեկան պազարը տեղի ունեցաւ 3 Դեկտեմբեր 2016ին, «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներէն ներս։
Ուշագրաւ երեւոյթ է, որ «խաչուհի» մը՝ մտնելով այս մեծ ընտանիքը, միակ բանը որ կը մտածէ կ՚ըլլայ այն, թէ ինչպէ՞ս ինքն ալ կրնայ բանով մը օգտակար դառնալ կողքինին, մեծին թէ փոքրին, գաղութին թէ հայրենիքին եւ ամբողջ հայութեան։
Ընտանիք մը՝ որ միայն եւ միայն կը գործէ բարեգործութեան, բարեսիրութեան ծիրէն ներս, իսկ անդամները միշտ պատրաստ են իրենց սեփական ներդրումը ունենալու իրագործուող ծրագիրներուն մէջ։
Ամէն մէկ անդամուհի իրեն հպարտ կը զգայ, որ կը պատկանի այս միութեան։ Տուեալ նուիրական գործունէութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար, Հ. Կ. Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր կոչը կ’ուղղէ երիտասարդ սերունդին՝ միանալու իրենց աւագ ընկերուհիներուն, նորանոր ձեռքբերումներ ու յաջողութիւններ արձանագրելու հայանպաստ բոլոր նախաձեռնութիւններէն ներս։
Երիտասարդները իրենց մասնակցութեամբ կրնան նոր շունչ տալ իրականացուող ծրագիրներուն, միեւնոյն ժամանակ բաւարարուածութեան զգացում ունենալով իրենց ներդրումին համար։
Այս վեհ ուժն է, որ կ’օգնէ մեզի՝ ամէն տարի իրականացնելու տօնական տրամադրութիւն պարգեւող տարեկան պազարը, որ հարուստ է հայկական ճաշերով, անուշեղէններով, հայկական գինիով եւ քոնիակով, լաւաշ հացով, սուճուխ-պաստրմայով եւ զանազան այլ ուտեստեղէններով։
Օգտուելով առիթէն՝ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին մեր աշխատանքներուն.- Թագւոր Յովակիմեանին, Արամ Աւագեանին, Շեմմաս ընտանիքին, Պատանեան եղբայրներուն, Խաչիկ Յարութիւնեանին, Մխիթարեան ընտանիքին, «Սքլավենիթիս» ընկերութեան, Գոհար Ալեանակեանին եւ բոլոր նուիրատուներուն։
Մեր խորին յարգանքները մեր շատ սիրելի անդամուհիներուն, որոնք ամէն պահ մեր կողքին կը գտնուին եւ կ’օգնեն նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ի վերջոյ մեր շնորհակալութիւնները բոլոր այցելուներուն, որ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին մեր աշխատանքը հասնելու իր աւարտին։
Վարձքը կատար բոլորին։
Հ. Կ. ԽԱՉԻ ԳՈՔԻՆԻՈՅ «ՍՕՍԷ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ