Համազգայինի «Արեւ» Պարախումբն Ու Տաղանդաւոր Փոքրիկները Հմայեցին Ներկաները

Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հիւսիսային շրջանի Համազգայինի «Լեւոն Շան»չ մասնաճիւղը այդ ընտանիքին ամէնէն երիտասարդ անդամն է: Անիկա շուրջ տարի մը առաջ ծնունդ առած է եւ շնորհիւ իր վարչութեան անդամուհիներուն անսակարկ ճիգերուն ու մանաւանդ հրապարակային զանազան ձեռնարկներուն՝ արդէն իսկ դարձած է աչքառու եւ քաջածանօթ, ամբողջ շրջանէն ներս:

Այսպէս, մշակութային ծրագիրներու գործադրութեան եւ այլ աշխատանքներու կողքին, վարչութիւնը նաեւ յղացած էր գեղեցիկ գաղափարը կեանքի կոչելու փոքրիկներու պարախումբ մը եւ զայն վստահելու ծանօթ արուեստագիտուհի Շուշան Աւագեանին:

Միւս կողմէ, սակայն, իր շուրջ համախմբելով տաղանդաւոր փոքրիկ երաժիշտներ (ջութակահարներ-դաշնակահարներ եւ այլն), մասնաճիւղը մօտէն զբաղած է անոնցմով՝ գնահատելով ու քաջալերելով անոնց տաղանդն ու աշխատանքը: Այսպիսով, մասնաճիւղը դարձած է «փնտռուած անուն» ոչ միայն իր շրջանի, այլեւ Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ներս:

Նորակազմ փոքրերու պարախումբին անդրանիկ ելոյթին հրաւիրուելով՝ ներկայ գտնուեցանք Համազգայինի «Լեւոն Շան»չ մասնաճիւղի «Արեւ» պարախումբի ձեռնարկին, Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2016ի երեկոյեան ժամը 7ին, շրջանի «Արշաւիր Շիրակեան» կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահին մէջ: Մեծ եղաւ մեր զարմանքն ու հիացումը՝ ի տես հրամցուած կոկիկ յայտագիրին եւ «Արեւ» պարախումբի անդամներուն, մանաւանդ՝ կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատու նախաձեռնութեան:

Այսպէս, սոյն ձեռնարկով, Համազգայինի «Լեւոն Շան»չ մասնաճիւղի վարչութիւնը, իր հովանին վայելող շուրջ 15 փոքրիկ աղջիկներով կազմուած «Արեւ» պարախումբը հանրութեան ծանօթացուց: Ելոյթին ներկայ էին Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամուհի Անիթա Հաւաթեան, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղէն՝ ատենապետ Պերճ Ուզունեան եւ Արաքսի Գազանճեան, ՀՕՄի «Լոռի» մասնաճիւղէն՝ Մարալ Պիսթիլեան, շրջանի ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հարիւրէ աւելի մշակութասէրներ, ծնողներ, հարազատներ, բարեկամներ ու քաջալերողներ:

Կասկածէ դուրս է, որ Համազգայինը կը հաւատայ, թէ հայոց լեզուն, հայ երգն ու պարը, հայ թատրոնն ու հայկական աւանդոյթները պահպանելու եւ անոնց ուժն ու գեղեցկութիւնը յաւերժացնելու միակ միջոցը՝ հայ մշակոյթը փոխանցե՛լն է: Ահա թէ ինչո՞ւ, հայապահպանման անդաստանէն ներս իր կատարած նման իւրայատուկ ծրագրումներով եւ նախաձեռնութիւններով, Համազգայինը ունի իր հաւատաւոր ու կարեւոր դերակատարութիւնը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Դարբինեան, որ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերուն կողքին, վեր առաւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման ի խնդիր վարչութեան տարած աշխատանքները եւ մեծապէս գնահատեց «Արեւ» պարախումբի անդամներն ու անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ պարուսոյցին եւ ձեռնարկի օժանդակ մարմինի անդամուհիներուն զոհաբերութիւնը:

«Համազգայինը, կամաւոր անդամներէ բաղկացած այս ընտանիքը, պահապա՛նն է հայ մշակոյթին, եւ շարունակելով իր հիմնադիրներու ուղին՝ իր հովանիին տակ կը համախմբէ ու կը պատրաստէ նոր սերունդի արուեստագէտներ, հանրութեան կը ներկայացնէ նորածիլ տաղանդաւորներ՝ հայ սիրտին ու հոգիին մշակութային զանազան գոյներով գոհացում տուող ձեռնարկներով», ըսաւ ատենապետուհին։

Ապա ան կրկին անգամ յատուկ շնորհակալութեան խօսքեր յայտնեց ծնողներուն, շրջանի յարակից եւ պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ պարախումբի փոքրերուն եւ յատկապէս պարուսոյց Աւագեանին:

Վարչութեան խօսքէն ետք պարախումբը հրամցուց «Վաղարշապատ», «Ծիրանի», «Better When I՛m Dancing» եւ փակման պարերը, որոնք ոչ միայն արժանացան երկար ծափողջոյններու, այլեւ մեծ ցնծութեամբ եւ ոգեւորութեամբ գրաւեցին ներկաներուն սրտերը:

Պարուսոյց Շուշան Աւագեան, Խաչատուր Աւետիսեանի «Աղաւնի» մենապարով մեծապէս հմայեց ներկաները: Իր հեզասահ շարժումներով եւ հայ աղջկան յատուկ նազանքով, ան սրահին բարձրաձայն գովասանքները խլեց:

Յայտագիրին մէջ փոքրիկ տաղանդաւոր արուեստագէտները եւս բաժիններ ունեցան՝ զանազան երաժշտական գործիքներով: Այսպէս, դաշնակի վրայ Սեւուլիկ Պասթիլեան յաջորդաբար նուագեց Առնօ Պապաճանեանի «Մեղեդի»ն, Ալ. Ալեքսանտրեանի «Հօտաղների Պար»ը եւ Արամ Խաչատրեանի «Ժողովրդական»ը, ապա Գարին Պալճեան՝ «Bach Concerto»ն:

Ծովակ Սերայտարեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Միխայէլ Մարկոսի, ջութակի վրայ գեղեցկօրէն հրամցուց «Քէօսեան Քոնչերթօ»ն, իսկ Սեւանա Գիւբէլեան դաշնակի վրայ նուագեց «Հունգարական Պար»ը:

Բոլոր պարերն ու հրամցուած երաժշտական կտորները, իրենց ոճի, ձեւի, շարժումի եւ տարազի զանազանութենէն մեկնած՝ խլեցին սրահին անվերջ ծափահարութիւնները: Իսկապէ՛ս որ սրահը կ՛ապրէր տօնական մթնոլորտ մը:

Յայտագիրի աւարտին, ատենապետուհի Դարբինեան ծաղկեփունջ մը նուիրելով երիտասարդ պարուսոյցին՝ արտայայտեց իր եւ վարչութեան յուզումը, ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը անոր հանդէպ:

Այսօր, նման միւս արուեստներու պարագային, հայ մշակութասէրը մեծ կարօտն ունի հայկական որակաւոր պարախումբերու հաստատ ներկայութեան, եւ անկասկա՛ծ, որ Համազգայինի «Լեւոն Շան»չ մասնաճիւղի նորակազմ «Արեւ» պարախումբը օր մը, անպայմա՛ն, այս մէկուն առաջնորդը կրնայ դառնալ:

Յաջողութիւն եւ յարետեւութիւն: Վարձքը կատար բոլորի՛ն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ասպարէզ

Scroll Up