110,000 Տոլար Կը Գոյանայ «Երազներու Դաշտ» Ծաղկասայլի Ծրագիրին Ի Նպաստ

Ամերիկեան հայկական ծաղկասայլի (float) ընկերութիւնը (AARFA) կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս տեղի ունեցած դրամահաւաքի ձեռնարկի մը ընթացքին կարելի եղած է 110,000 տոլար գոյացնել՝ Ծաղիկներու 128րդ տողանցքին մասնակցելու համար պատրաստուող հայկական երրորդ ծաղկասայլին ի նպաստ։

Սովորաբար Յունուար 1ին կայացող աշխարհահռչակ Ծաղիկներու տողանցքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունուար 2ին, նկատի ունենալով, որ տողանցքի կազմակերպիչները որոշած են հաստատ մնալ 1893 թուականէն ի զօրու՝ տողանցքը Կիրակի օրերուն չկատարելու որոշումին վրայ։

Մօտաւորապէս 200 համակիրներ մասնակցած են դրամահաւաքի վերոյիշեալ ձեռնարկին՝ մօտէն ծանօթանալով այս տարի «Երազներու Դաշտ» անուանումը ստացած ծաղկասայլի ծրագիրին։

Ամերիկեան հայկական ծաղկասայլի ընկերութեան գանձապահ Ստեփան Փարթամեան յիշեցուցած է, թէ ամէն տարի, Փասատինայի մէջ մօտաւորապէս 700,000 հոգի անձամբ կը հետեւի տողանցքին, իսկ աշխարհի տարածքին զայն դիտողներուն թիւը 1.5 միլիառի կը հասնի։

Իր կարգին, հանդիսավար Ճիլ Սիմոնեան մանրամասնութիւններ փոխանցած է այս տարուան ծաղկասայլին մասին, որ մտայղացումն է Սեւատա Գրիգորեանին, նշելով, որ անոր վրայ պիտի ըլլան արձանագործ Մայքըլ Արամ՝ իր երկու զաւակներուն հետ, ինչպէս նաեւ հաղորդավար Քլոտեթ Սթեֆանեան, Ողիմպիական խաղերու մասնակցած Հուրի Կէպէշեան, «աստղերու հնակարկատ» Արթուրօ Ազինեան, մանրէաբան դոկտ. Սարգիս Մազմանեան եւ անակնկալ հիւր մը։

Ապա, Փարթամեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է «Գարուն Տերիզ»ի սեփականատէր Անդրանիկ Պաղտասարեանին, յիշեցնելով, որ առանց անոր ցուցաբերած աջակցութեան անկարելի պիտի ըլլար իրականացնել ծաղկասայլի սոյն ծրագիրը, եւ անոր յանձնելով այդ հաստատումը ընող յուշատախտակ մը, ինչպէս նաեւ՝ ծաղկասայլին «Պատուոյ հիւր»ը ըլլալու առիթը։

Նշենք, որ այս տարի, Անդրանիկ Պաղտասարեան դարձեալ այս ծրագիրին իր մասնակցութիւնը բերած է՝ 50,000 տոլար նուիրելով։ Այլ յատկանշական նուիրատուներէն են՝ տէր եւ տիկին Դաւիթ եւ Մարգարիտ Մկրուպլեանները, Ֆլորա Տունայեանցը, տէր եւ տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեանները եւ «ԿաթՓրինթ» ընկերութիւնը։

Ձեռնարկի փակման խօսքը արտասանած է Ամերիկեան հայկական ծաղկասայլի ընկերութեան տնօրէն Նուպար Տէր Պետրոսեան։

Նշենք, որ ցարդ կարելի եղած է ծրագիրին համար հարկաւոր 300,000 տոլարին 180,000ը ապահովել։

Ծրագիրին աջակցիլ փափաքողները կրնան այցելել aarfa.org կայքը կամ գումարը ուղարկել AARFA, P. O. Box 60005, Pasadena, CA 91116 հասցէին։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up