«Իմամ Խումէյնիի Յեղափոխութիւնը Կը Ձգտէր Բարոյական Արժէքներու Վերահաստատման` Ընկերութեան Կեանքին Մէջ» Արամ Ա.

«Ալիք» կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի ու իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Իսլամական յեղափոխութեան հիմնադիր առաջնորդ Իմամ Խումէյնիի դամբարանը:
Վեհափառ հայրապետը այս առիթով խօսք առնելով ըսաւ. «Իմամ Խումէյնիի յեղափոխութիւնը կը ձգտէր բարոյական արժէքներու վերահաստատման` ընկերութեան կեանքին մէջ: Սա սովորական դամբարան մը չէ, այլ յիշեցում մըն է բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու կենսական կարեւորութեան` անհատական եւ հաւաքական կեանքերուն մէջ»: