Դանիէլ Մուրատեան Կը Մասնակցի Կեանքեր Փրկող Ծրագիրի Մը Իրականացման

ԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ իր 2016-2017 տարեշրջանի շրջանաւարտ աշակերտներէն Դանիէլ Մուրատեան, իր մասնակցութիւնը բերած է Քալիֆորնիոյ ճարտարագիտական հիմնարկի գիտնականներէն դոկտ. Ռիչըրտ Կայի գլխաւորութեամբ իրականացած ծրագիրի մը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է բարելաւել երկրաշարժի մը հաւանականութիւնը ծանուցող սարքեր։

0000Daniel MouradianԱրդարեւ, առաւել զգայուն այս սարքերէն շատերը տեղադրուած են Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարժարաններուն մէջ. անոնք, զանգուածային լրատուամիջոցներու ճամբով, նախկին սարքերէն աւելի կանուխ ազդարարութիւններ պիտի կատարեն հանրութեան, երբ երկրաշարժ պատահելու հաւանականութիւն ըլլայ։

Երկրաշարժի կանխազգուշացման նշեալ մեծապէս կատարելագործուած համակարգը պատրաստ պիտի ըլլայ 2018ին։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up