Համազգայինի «Գուսան» Սենեկային Երգչախումբին Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» սենեկային երգչախումբին համերգը, խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալոզեանի:

Համերգին ներկայ գտնուեցան գիւղին հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, քաղաքապետը, խնամակալութիւնը, թաղականութիւնը, միութեանց ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը:

Ներկայ բազմութեան հոգիները լեցուեցան Կոմիտասի եւ Եկմալեանի հոգեպարար երաժշտութեամբ:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up