Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջին Այցելեց Իրանի ՄԷջ ՀՀ Դեսպանութիւն

Դեկտեմբեր 15-ին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպանութիւն այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջին վեհափառը, որուն կ’ուղեկցէին Իրանի հայոց հոգեւոր թեմերու առաջնորդներն ու իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Հանդիպման ընթացքին Իրանի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, ողջունելով վեհափառը,  ներկայացուց հայ-իրանական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, խօսեցաւ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրանահայ համայնքի կարեւոր դերին եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող  շարք մը խնդիրներու մասին:

Կաթողիկոս Արամ Առաջինը, կիսուելով Թեհրան կատարած իր այցի տպաւորութիւններով, կարեւոր համարեց Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը` զանոնք համարելով հայապահպանութեան եւ ազգային վերելքի անհրաժեշտ նախապայման:

 

Scroll Up