Իսրայէլցի Գործարար. Հայերը Պէտք Է Օգտագործեն Սփիւռքի Ներուժը

Իսրայէլական Challenge հիմնադրամի գործադիր փոխտնօրէն Սաուլ Ռէյքմանը կը կարծէ, որ հայերը պէտք է օգտագործեն սփիւռքի ներուժն ու հզօր ներկայութիւնը արհեստագիտութեան աշխարհին մէջ` յօգուտ հայկական նորաստեղծ ձեռնարկութիւններու յառաջխաղացման: Այս մասին ան ըսած է NEWS.am թղթակիցին հետ զրոյցին Empowering Ideas  միջազգային համաժողովին ժամանակ:

Սաուլ Ռէյքմանի կարծիքով` ունենալով հզօր եւ ամէնուր ներկայութիւն ունեցող սփիւռք` հայկական նորաստեղծ ձեռնարկութիւնները մեծ հնարաւորթիւններ ունին իրենց արտադրանքը ներկայացնելու միջազգային շուկայ եւ ազդեցիկ դիրք գրաւել: «Իսրայէլն ու Հայաստանը զարմանալիօրէն շատ նմանութիւններ ունին: Փոքր տարածք, քիչ բնակչութիւն, վտանգաւոր հարեւաններ. ասիկա մեզի ստիպած է օգտագործել մեր բանականութիւնը, ձեռնարկատիրական տաղանդը եւ վտանգի երթալու ունակութիւնները` աշխարհի մէջ արեւի տակ մեր տեղն ունենալու համար ճանապարհ հարթելով: Կը կարծեմ` Սփիւռքի ներուժը  օգտագործելը` սեփական արտադրանքները աշխարհին ներկայացնելու ռազմավարութեան կարեւոր կէտերէն է»,- ըսած է Challenge հիմնադրամի փոխտնօրէնը:

Ռէյքմանի խօսքով` կառավարութեան աջակցութիւնը շատ կարեւոր է նորարաութեան  եւ ձեռնարկատիրական ոլորտը զարգացնելու համար: «Նման աջակցութիւն միշտ ալ ցանկալի է եւ օրհնուած: Սակայն շատ կարեւոր է գտնել այն հաւասարակշռութեան կէտը, ուր աջակցութիւնը չի վերածուիր միջամտութեան: Իսրայէլի կառավարութիւնը միշտ ականջալուր է ոլորտին` աջակցելով զայն, սակայն ոչ միջամտելով: Սա ամենաճիշդ ռազմավարութիւնն է ըստ իս»,- աւելցուցած է Սաուլ Ռէյքմանը:

Empowering Ideas միջազգային ժողովը կայացած է Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 12-ին: Համաժողովը կազմակերպուած էր Ուաշինկթընի մէջ գործող World Learning կազմակերպութեան կողմէ` Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան աջակցութեամբ:

 

Scroll Up