Շուէտական Դատարանը Թուրք Գործիչին Հայատեաց Յայտարարութիւնները Քրէական Յանցագործութիւն Որակած Է

Սթոքհոլմի շրջանային դատարանը Դեկտեմբեր 14-ին վճիռ կայացուցած է Շուէտի թրքական կազմակերպութիւնները համադրող կեդրոնի նախկին փոխնախագահ Պարպարոս Լէյլանիի գործի առնչութեամբ, որ Ապրիլ 9-ին Շուէտի ատրպէյճանական, թրքական եւ թուրքմէնական շարք մը համայնքային կազմակերպութիւններու կողմէ Սթոքհոլմի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ցոյցի ժամանակ հանդէս եկած էր բացայայտ հայատեաց եւ ազգայնամոլական յայտարարութիւններով:

Դատարանը վճռած է, որ Շուէտի քրէական օրէնսգիրքի 16 յօդուածի 8 մասի 2-րդ կէտի համաձայն Լէյլանին կատարած է էթնիկ խումբի դէմ ատելութիւն սերմանող յանցագործութիւն ծանրացուցիչ հանգամանքներով: Ըստ դատարանի վճիռին՝ Լէյլանիի նկատմամբ սահմանուած է պատիժ երկու տարուայ պայմանական ազատազրկման եւ տուգանքի վճարման տեսքով:

Մինչ այդ, Նոյեմբեր 30-ին տեղի ունեցած դատական նիստի ժամանակ դատախազը առաջարկած էր Լէյլանին դատապարտել պայմանական ազատազրկման եւ նշանակել տուգանք` հիմնաւորելով, որ յայտարարութեան մէջ սպառնալիք հնչած է` ուղղուած յստակ խումբի մը դէմ։

Դատապաշտպանը առաջարկած էր սահմանափակուիլ տուգանքով` հիմնաւորելով, որ մեղադրեալը կը գտնուէր անկայուն հոգեկան վիճակի մէջ, օգտագործած է ուժեղ դեղորայք եւ ելոյթ ունեցած է առանց պատրաստուելու:

Այսպիսով դատարանը որոշեց ամբողջութեամբ բաւարարել դատախազի պահանջը եւ Լէյլանիի ազգայնամոլական եւ հայատեաց վարքագիծը որակել որպէս քրէական յանցագործութիւն:

Յիշեցնենք, որ Շուէտի մէջ Ապրիլ 9-ին Սթոքհոլմի կեդրոնական Սերգելս Թորի հրապարակին վրայ ատրպէյճանաթրքական ցոյցի ժամանակ հակահայկանան արտայայտութիւններ հնչեցուցած է թուրք գործիչ Պարպարոս Լէյլանին, որ հանրահաւաքի ընթացքին օգտագործած էր «շուն հայերը պէտք է զգուշանան, մահ` հայ շուներուն» արտայայտութիւնը։

Scroll Up