ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ընկերային Յանձնախումբի Կազմակերպած Փոքրիկներու Յատուկ Ամանորի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Ընկերային յանձնախումբին, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ Կաղանդի ձեռնարկը, շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Ամանորի աւանդական խրախճանքին ներկայ էին նաեւ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող փոքրիկները:

Շուրջ 73 փոքրիկներ, երկու ժամուան տեւողութեամբ, ԼՕԽ-ի երդիքին տակ անմոռանալի ժամեր անցուցին յանձնախումբի անդամներուն եւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբին ընկերակցութեամբ:

Ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Մարօ Սալխանեան իր բացման խօսքով նախ փոքրիկներուն ծանօթացուց ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մատուցած ծառայութիւնները, ապա անոնց յիշեցուց, որ ԼՕԽ-ը յատուկ ձեռնարկներով միշտ կը ձգտի ուրախացնել հայ փոքրիկները, որոնք մեր ազգի ապագան են:

Ձեռնարկի ընթացքին փոքրիկները խաղացին դաստիարակչական խաղեր, դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը, որուն հասնիլը մեծ հրճուանք պատճառեց բոլորին: Անոնք Կաղանդ պապուկին հետ պարեցին հայկական պարեր, երգեցին տօնական երգեր, հիւրասիրուեցան եւ ստացան յատուկ նուէրներու ծրարներ:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը տպաւորիչ եւ անմոռանալի յիշատակներ դրոշմեց փոքրիկներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:

Scroll Up