Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Աուտէ Արքեպիսկոպոսին
Երեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութի եւ շրջակայից յոյն ուղղափառ առաջնորդ Աուտէ արքեպիսկոպոսին: Այցելութեան նպատակն էր Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ սրբազանը ծանօթացնել Աուտէ արքեպիսկոպոսին:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցը ներառեց հարցեր Լիբանանի ներքին կացութեան, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական յարաբերութեանց առնչուած: Թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ Աուտէ արքեպիսկոպոսը վերաշեշտեցին ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան ու յատկապէս հայ եւ յոյն ուղղափառ համայնքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնն ու սերտ գործակցութիւնը: