Դանիայէն Ետք` Ֆինլանտայի Մէջ

Արարատ Ղուկասեանի «Փնտրտուքներու ճանապարհին» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն կը շարունակէ իր ճանապարհորդութիւնը: Վերջերս Դանիոյ մէջ տեղի ունեցած շնորհանդէսէն ետք, նմանատիպ ձեռնարկ մը իրականացուեցաւ նաեւ Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքի մէջ` տեղի հայ համայնքի նախաձեռնութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Արարատ» հայկական միութենէն:
Շնորհանդէսին ներկայ էին համայնքի շուրջ 40 ներկայացուցիչներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռուզաննա Ղուկասեան, որ հակիրճ ներկայացուց հեղինակը եւ ժողովածուի անցած ճանապարհը:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ բանաստեղծ Արարատ Ղուկասեանին, որ հանգամանօրէն ներկայացուց գիրքը եւ այն գրելու մտայղացման պատճառները: Հեղինակը խօսեցաւ մանկութեան յուշերու, մայրական սիրոյ, հայրական խրատներու, հայերնիքի կարօտի, բնութեան, սիրոյ մասին, զգացումներ եւ երեւոյթներ, որոնք տեղ գտած են ժողովածուի էջերուն մէջ: Հէնց նոյն էջերէն ասմունքներ հնչեցին մայր եւ որդի Ռուզաննա եւ Տանիլա Ղուկասեաններու կատարմամբ:
Ներկաները մեծ բաւականութիւն ստացան հանդիպումէն` բանաստեղծի «Փնտրտուքներու ճանապարհին» որոնելով ու գտնելով նաեւ հէնց իրենց անցած յուշերը, իրականութիւն դարձած ու կորսուած երազները, ծնողական սէրն ու հայրենի տան կարօտը:
Արարատ Ղուկասեան, որ նաեւ կը ներկայացնէ սպանահայութիւնը, խօսեցաւ նաեւ տեղի հայ համայնքի եւ հայկական հետքի մասին: Ֆինլանտահայ համայնքը նպատակադրուեցաւ այսուհետ աւելի յաճախակի կազմակերպել նմանատիպ հանդիպումներ` խթանելու համար միջհամայնքային փոխյարաբերութիւնները:

1 2 3 4 5 7

Scroll Up