Սերժ Սարգսեան Արցախի ՄԷջ Հանդիպում Ունեցած Է Մշակոյթի Գործիչներուն Հետ

Աշխատանքային այցով Դեկտեմբեր 08-11 Արցախ այցելած Նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 11-ի երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է  Արցախ այցելած ՀՀ մշակոյթի գործիչներուն հետ:

ՀՀ նախագահը նման հանդիպում ունենալու պատրաստակամութիւն յայտնած էր ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի հետ օրեր առաջ ունեցած հանդիպման ժամանակ: Արցախի մայրաքաղաքին մէջ կայացած հանդիպման մասնակցած են նաեւ ՀՀ եւ ԼՂՀ մշակոյթի նախարարները:

ՀՀ նախագահը հանդիպման մասնակիցներուն խնդրանքով նախ ներկայացուցած է ԼՂՀ իր աշխատանքային այցի նպատակը, այցի ծիրէն ներս ունեցած հանդիպումներուն, խորհրդակցութիւններուն, ՊԲ պաշտպանական դիրքեր եւ զօրամասեր այցելութիւններուն արդիւնքները, ապա պատասխանած մշակոյթի գործիչները հետաքրքրող հարցերուն, լսած ոլորտի առանձին խնդիրներուն վերաբերեալ անոնց մտահոգութիւններն ու ատոնց լուծման հնարաւոր ուղիներու վերաբերեալ առաջարկութիւնները:

 

 

Scroll Up