Արցախի Անկախութեան 25րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ Քոնկրեսին Մէջ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Դեկտեմբեր 6ին մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ կազմակերպուած եւ Արցախի անկախութեան 25րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառման, որուն ընթացքին նաեւ հանդէս եկած է ելոյթով մը:

Միջոցառման մասնակցած են Հայկական հարցերու քոնկրեսական համախմբումէն անդամներ, Հայաստանի եւ Արցախի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու անդամներ, ամերիկահայ համայնքի հոգեւոր դասի, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու հիւրեր:

Տասնեակ մը քոնկրեսականներ, ներառեալ՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Էտըմ Շիֆ, Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա եւ Պրետ Շըրմըն, իրենց ելոյթներուն մէջ աջակցութիւն յայտնած են Արցախի անկախութեան եւ զարգացման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ դատապարտած են անցեալ Ապրիլին Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը՝ հաւաստիացնելով, որ ամէն ջանք կը գործադրեն՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ապահովելու համար:

Ելոյթներ ունեցած են նաեւ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Վարչապետ Յարութիւնեան իր ելոյթին մէջ յոյժ կարեւոր համարած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը՝ յիշեցնելով, որ երկու երկիրները ժողովրդավարական հասարակաց արժէքներ կը պաշտպանեն։ Ան ներկայացուցած է վերջին 25 տարիներուն ընթացքին Արցախի իշխանութեան ապահոված տնտեսական եւ ժողովրդավարական յառաջխաղացքը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է այն քոնկրեսականներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին Արցախի անկախութեան։

«Ատրպէյճանի պէս հարեւանի հետ երկարատեւ առճակատման պայմաններում, Արցախի բնակչութիւնը աւելի քան քսան տարի շարունակ ոչ միայն գոյատեւում, այլեւ արարում եւ զարգացնում է իր հայրենիքը: Մեզ յաջողուել է նախորդ տարիներին էականօրէն բարելաւել Արցախի բնակչութեան կեանքի որակը: Այսպէս, օրինակ, վերջին 20 տարուայ ընթացքում, մէկ շնչին ընկնող Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ-GDP) աճել է մօտաւորապէս 12 անգամ՝ 1995 թուականի շուրջ 250 տոլարից 2015 թուականին հասնելով շուրջ 3000 դոլարի: Աւելին, վերջին տարիներին գրանցուած՝ Համախառն ներքին արդիւնքի տարեկան միջինը շուրջ 10 տոկոսի աճը բաղձալի տեմպ կարող է համարուել ցանկացած պետութեան համար», աւելցուցած է Արցախի վարչապետը:

Յատկանշական է, որ ձեռնարկին ընթացքին, Ատրպէյճանի համար լոպիական գործունէութիւն մշակող «Փոտեսթա Կրուփ»ի ներկայացուցիչները նամակներ բաժնած են՝ դատապարտելով Արցախի անկախութեան 25ամեակի տօնակատարութիւնը Քոնկրեսի շէնքին մէջ կատարելու որոշումը, մինչ փոքրաթիւ ցուցարարներ Քոնկրեսի շէնքին առջեւ բողոքած են տարեկան այս նախաձեռնութեան դէմ։

Scroll Up