Փօլ Գրիգորեանի Ջանքերով 45,000 Տոլար Կ՛ապահովուի ՀՕՄին Համար
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի գրասենեակը Դեկտեմբեր 6ին տեղեկացուց, թէ Գրիգորեանի ջանքերով կարելի եղած է 45,000 տոլար ապահովել Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄին, որպէսզի իր ընկերային ծառայութեան գրասենեակներուն ճամբով՝ ընկերային, առողջապահական եւ բարեսիրական յաւելեալ սպասարկութիւններ կարենայ մատուցել Լոս Անճելըսի տարածքին եւ յատկապէս Սան Ֆերնանտօ հովիտի Նորթ Հոլիվուտի տարածքին։
Միաժամանակ, Գրիգորեան դր-ուատած է ՀՕՄի ընկերային ծառայութեան գրասենեակներուն տարած բարեսիրական որակաւոր աշխատանքը, որ կենսական նշանակութիւն ունի համայնքի կարօտեալներուն կեանքի որակը բարելաւելու առումով։