Ֆրիտիոֆ Նանսենի Ծննդեան 155-Ամեակին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Նորվեկիոյ թագաւորութեան դեսպանութեան համագործակցութեամբ երէկ` հինգշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած Ֆրիտիոֆ Նանսենի ծննդեան 155-ամեակին:

Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ թագաւորութեան դեսպան Լենի Լինտ, Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնական հիւրեր:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ հաւաքի առիթին մասին խօսեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ կարեւոր նկատեց հայ ժողովուրդին պատմութեան ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցած Ֆրիտիոֆ Նանսենի ծննդեան 155-ամեակը, որ առիթ է անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցելու այդ մեծ մարդասէրին, որ իր գործունէութեամբ նաեւ հիմը դրած է համաշխարհային տարողութեամբ մարդասիրական հաստատութիւններու: Ան շեշտեց, որ Նանսեն մեծ օժանդակութիւն ցուցաբերած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն եւ գաղթական դարձածներուն` անոնց ահաւոր վիճակը թեթեւցնելով եւ ապրուստի համար տանելի պայմաններ ստեղծելով: Դեսպանը լուսարձակի տակ առաւ Ֆրիտիոֆ Նանսենի կողմէ կատարուած զանազան նախաձեռնութիւնները, որոնք մեծ կարեւորութիւն ունեցան հայութեան գոյատեւման իմաստով, ինչպէս նաեւ համաշխարհային ուշադրութիւնը կը հրաւիրէին սովէ ու գաղթականութենէ տառապողներուն վրայ: Ըստ դեսպան Մկրտչեանի, այս բոլորը մեծ ժառանգութիւն կը նկատուին, եւ այսօր մեր պարտքն է տէր կանգնիլ ատոր, ծանօթացնել բոլորին եւ երբեք չմոռնալ Նանսենի ծառայութիւնը հայութեան ու մարդկութեան նկատմամբ: «Ես վստահ եմ, որ այս աշխարհը աւելի մութ ու դաժան վայր պիտի ըլլար, եթէ չըլլային Ֆրիտիոֆ Նանսենի նման անձեր, նուիրեալներ, որոնք իրենց կեանքին մէջ նուաճած ըլլալով արժանին, այդ բոլորը մէկ կողմ կը դնեն իրենց կեանքը յատկացնելով մարդասիրական գործունէութեան` յանուն խիղճի եւ հաւատքի, նմաններ ստեղծած են ուղի ու միջավայր, որ մեր օրերուն եւս ապրելու ու զարգանալու կարելիութիւն կու տայ»:

Հայաստանի դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ այսօր եւս կան նման երեւոյթներ, պատերազմ, գաղթականութիւն եւ այլն, որոնք մարդկութեան համար մեծ մարտահրաւէրներ են, եւ նման մարդասիրական գաղափարներ կրողներն ու նուիրեալներն են, որոնք կարեւոր են այդ խնդիրներուն մէջ իսկ մարդկութիւնը պահելու իր բարձրութեան վրայ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ թագաւորութեան դեսպան Լենի Լինտ: Ան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց  հրաւէրին համար, ապա մատնանշեց մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի արժանիքները, որոնք ազդակներ կը հանդիսանան մարդասէրը պատուելու եւ լուսարձակի տակ բերելու անոր գործունէութիւնը: Դեսպանը ըսաւ, որ Նանսեն գիտնական, դիւանագէտ եւ համաշխարհային համբաւ ունեցող մարդասէր մըն էր, ապա անդրադարձաւ այն կարեւոր դերին, որ կատարած է մարդասէրը իր երկրի ճգնաժամային օրերուն, եւ որուն ծրագիրներուն եւ աշխատանքին շնորհիւ իր  երկիրը անցած է խաղաղութեան եւ դարձած անկախ: Դեսպան Լենի Լինտ յայտնեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը բախտը ունեցած է բոլոր ազգերէն աւելի ճանչնալու Նանսենը, վայելած  անոր  հսկայ նեցուկը եւ ուղղակիօրէն օգտուած անոր բարի գործերէն:

Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի արհաւիրքէն ետք  Նանսենի կատարած մարդասիրական գործերը ամէնէն շատ երկար մնացին հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ, ապա եզրափակեց. «Մեր բոլորին պարտքն է անոր կտակը կենդանի պահել:  Կը հաւատամ, որ Հայաստան այն երկիրներէն մէկն է, որ մեծապէս վառ պիտի պահէ անոր յիշատակն ու կտակը, որուն մենք երախտապատ ենք ու շնորհակալ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ֆրիտիոֆ Նանսեն» հիմնադրամի նախագահ, ակադեմիկոս Ֆելիքս Բախչինեան: Ան իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առնելով Նանսենի առանձնայատկութիւնները, ըսաւ, որ Նանսենի մարդասիրական գործունէութեան նուաճումները վերադարձուցած են հազարաւոր ռազմագէտներու, սովի ճիրաններու մէջ յայտնուածներու, գաղթական ու անօթեւան մարդոց ապրելու յոյսը:  Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Նանսենեան անձնագիրներով Եղեռնէն մազապուրծ երեք հարիւր քսան հազար հայեր կրցած են նոր օճախներ ստեղծել: Հայոց եղեռնակործան  տարիներու արհաւիրքէն ետք կենսապէս գոյատեւելու համար իբրեւ յոյսի շող վետվետած էր Նանսենի մարդասիրական գործունէութիւնը: Ֆ. Բախչինեան անդրադառնալով Նանսենի Հայաստան կատարած այցելութեան ըսաւ, որ մարդկային միտքն ու հոգին անզօր են պատկերացնելու այն ապրումները, որոնք ունեցած է Ֆրիտիոֆ Նանսեն, երբ այցելած է Գիւմրիի որբանոցը: Սարդարապատի անապատի գաղթականներուն համար կենսապայմաններ ստեղծելու առաքելութեամբ` 1925-ին Հայաստան եկած Նանսենը հիացած էր հայ ժողովուրդի ազնիւ ու բարոյական կերպարով:

Ֆ. Բախչինեան յայտնեց նաեւ, որ Նանսեն իր մարդասիրական գործունէութեան բարձրակէտին վրայ գտնուած է, երբ յուսախաբ ըլլալով Ազգերու լիկայէն ու մեծ պետութիւններէն, իր յառաջացած տարիքին ալ երկար ճանապարհորդութիւններ կատարած է, որպէսզի իր դասախօսութիւններով միջոցներ ապահովէ անօթեւան ու զրկուած հայ գաղթականներուն համար:

Բախչինեան աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Ֆրիտիոֆ Նանսենի մարդկային կերպարը յարգանքի եւ ակնածանքի խոր զգացումներու կը մղէ ո՛չ միայն իր նկատմամբ, այլ մարդու նկատմամբ ընդհանրապէս: Նանսեն ունէր պայքարով յառաջանալու, յաղթանակի համար ոգին անկոտրում պահելու խորհուրդը»:

Ցուցադրուեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէն մը Ֆրիտիոֆ Նանսեն` «Աշխարհի խիղճը» խորագիրով:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հրաւիրեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը պարգեւատրման արարողութեան եւ յայտնեց, որ «Ֆրիտիոֆ Նանսեն»-ի պարգեւը ամէն տարի կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ կը նպաստեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդասիրական գաղափարներու յառաջ մղման: Ապա «Ֆրիտիոֆ Նանսեն» հիմնադրամի նախագահ Ֆելիքս Բախչինեանի ձեռամբ,  Շահան Գանտահարեան պարգեւատրուեցաւ մեծ մարդասէր, խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր «Ֆրիտիոֆ Նանսեն»-ի ոսկի յուշամետալով` հասարակական, քաղաքական, մարդասիրական սկզբունքներու հաստատման եւ Հայոց ցեղասպանութեան  դատապարտման ուղղութեամբ ծաւալուած գործունէութեան համար:

Աւարտին իր շնորհակալական եւ սրտի խօսքը արտասանեց Շահան Գանտահարեան, որ նման պարգեւ մը նկատեց պատիւ` նկատի ունենալով անոր մտաւորական-հասարակական գործունէութիւն մը արժեւորելու բնոյթը, ինչպէս նաեւ որովհետեւ կը կրէ անունը 20-րդ դարու մեծագոյն մարդասէրին, որ իր բերած անգնահատելի օժանդակութիւններուն համար հարազատ է հայ ժողովուրդին:

Ան անդրադարձաւ գաղթական հայերուն կեանքը տանելի դարձնելու առումով Ֆրիտիոֆ Նանսենի ունեցած մեծ դերակատարութեան` իբրեւ նպատակ ունենալով  տագնապներու եւ տեղահանումներու ատեն պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնը: Շ. Գանտահարեան շեշտեց, որ տակաւին այժմէական կը շարունակեն մնալ Նանսենի հիմնական առաքելութեան եւ գործին խորհուրդն ու գործնականացումը այսօր` թէ՛ ազգային, եւ թէ՛ համամարդկային իմաստով: Առ այդ, ան դիտել տուաւ, որ տակաւին մարդկութիւնը երկար ատեն պիտի փնտռէ նորվեկիացի այդ մեծ մարդասէրը, յատկապէս 21-րդ դարու տագնապներուն եւ տեղահանութիւններուն պատճառով ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ:

Իր խօսքը աւարտելով Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ հակառակ ամէն տեսակ դաժանութեան, մարդկութիւնը պիտի շարունակէ հաւատալ ապագային եւ աւելի մարդկային աշխարհի մը կայացման` այս բոլորին իբրեւ յոյս նկատելով Ֆրիտիոֆ Նանսենի տիպարը:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:

Scroll Up