Մահ՝ բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեանի

Միութենական շուրջ երեք քառորդ դարու գործունէութեամբ բեռնաւորուած, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6-ին կեանքէն հեռացած է բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեան, կը յայտնէ «Նոր Յառաջը»:

Ծնած էր Հալէպ, 1932-ին եւ փոքր տարիքէն փոխադրուած էր Լիբանան:

1943-էն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ին, որու սփիւռքեան գործունէութեան երկրորդ սերունդի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկը կը նկատուի:

Իր նախասիրութիւնը եղած է աթլեթիզմը: Ան տիրացած է աթլեթիզմի միջազգային իրաւարարի տիտղոսին: Իբրեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, 1965-ին եղած է լիբանանեան Աթլեթիզմի դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը:

1969-ին, Բիւզանդ Թորիկեան ընտրուած է անդամ ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան: Մինչեւ 1974 մաս կազմելէ ետք Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան, նոյն տարին, ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական առաջին ընդհանուր ժողովին, ան կ՚ընտրուի ՀՄԸՄ-ի անդրանիկ Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Կը վերընտրուի 1979-ին եւ 1983-ին: Այսպէս, ան ՀՄԸՄ-ի համագաղութային բարձրագոյն մարմիններուն մաս կը կազմէ 1969-էն 1987` 18 տարի անընդմէջ: 1999-ին, չորս տարուան համար, ան դարձեալ կ՚ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ կը վարէ միութեան ատենապետի պաշտօնը:

1990-ականներու սկիզբը, Բիւզանդ Թորիկեան կը լծուի ՀՄԸՄ-ի հայանուէր գործունէութեան պատմագրութեան աշխատանքին եւ չորս հատորով կը հրատարակէ միութեան պատմութիւնը` նախահիմնադրութեան հանգրուանէն մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը: «Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան պատմութիւն» խորագրեալ իր ստուար աշխատասիրութիւնները լոյս կը տեսնեն 1995-ին, 1999-ին, 2003-ին եւ 2007-ին:

Վերջին տարիներուն, Բիւզանդ Թորիկեան կը ձեռնարկէ ՀՄԸՄ-ի թանգարանի յուշամատեան-ալպոմի պատրաստութեան: Աշխատանքը գրեթէ հասած է աւարտին եւ հրատարակութեան կը ներկայանայ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով:

Յաճախ հանդէս եկած է բանախօսութիւններով եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին աշխատակցութիւններով: Երկար տարիներ մաս կազմած է «Մարզիկ»-ի խմբագրական եւ վարչական կազմերուն: 2004-ին, արժանացած է ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն` «Արժան-եաց» շքանշանին:

Բիւզանդ Թորիկեանի մահով ՀՄԸՄ կը կորսնցնէ բազմավաստակ անդամ մը, որուն բովանդակ կեանքը հայ մարմնակրթական շարժումին ճամբով բոլորանուէր ծառայութիւն մը եղաւ հայութեան եւ Հայաստանին:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 10-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Լիբանան։ Պիտի կատարուի միութենական թաղում։

Scroll Up