ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունած Է Ապրիլեան Գործողութիւններուն Մասնակցած Կամաւորականները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Դեկտեմբեր 6-ին պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ ընդունած է ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն մասնակցած կամաւորական ջոկատներու հրամանատարները:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի վարչութենէն կը հաղորդեն, թէ նախարարը բարձր գնահատած է թէ՛ արցախեան ազատամարտի, եւ թէ ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն կամաւորականներու ներդրումն ու ցուցաբերած անձնազոհութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը խօսած է «Ազգ-բանակ» գաղափարին մասին` շեշտելով, որ միանգամայն տրամաբանական է, որ ասիկա առաջին հերթին դրական կը գնահատեն ինքնին կամաւորները: Նախարարը անդրադարձած է նաեւ ռազմական կրթութեան ոլորտին մէջ կատարուող բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ սպառազինութեան արդիականացման եւ ռազմարդիւնաբերութեան մէջ նորարարական արհեստագիտութեան ներդրման անհրաժեշտութեան:

Հանդիպման աւարտին նախարար Վիգէն Սարգսեան պատասխանած է կամաւորներուն հարցումներուն:

Նոյն օրը նախարարը ընդունած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փէոթր Սուիտալսքին, որուն հետ քննարկած է Հայաստան – Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակն ու զարգացման հեռանկարները:

Scroll Up