Թրի Ուիքս Ին Երեւան» Ֆիլմի Բացումը
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ, 6 դեկտեմբեր 2016-ին, «Սինեմասիթի» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը «Թրի ուիքս ին Երեւան» ժապաւէնին:
Նախքան ցուցադրութիւնը, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Վարդան Ազնաւուրեան, որ իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, որ ներկայ էր այս նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ «Ամփիր» շարժապատկերի սրահի տնօրէնութեան, որ առաջին իսկ վայրկեանէն մեծ պատրաստակամութիւն յայտնեցին ցուցադրելու այս ժապաւէնը ո՛չ միայն երկու օր, այլ նաեւ յաջորդող օրերուն:
Ապա խօսք առաւ ժապաւէնի արտադրիչ Վիգէն Պայրամեան, որ նախաբան մը ըրաւ ժապաւէնին մասին: Ան յայտնեց, թէ «Թրի ուիքս ին Երեւան»-ին անդրանիկ ցուցադրութիւնը կատարուեցաւ Երեւանի մէջ, երկրորդը` Լոս Անճելըս, ապա Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու մէջ, անկէ ետք Աւստրալիա, Թորոնթօ եւ Պէյրութ: Ան յայտնեց, որ հետագային պիտի ուղղուին Եւրոպա` Ֆրանսա, Զուիցերիա եւ Շուէտ: Վիգէն Պայրամեան ըսաւ, թէ ժապաւէնին նպատակն է պարզ պատմութիւն մը ներկայացնել հանրութեան, եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ:
Հայալեզու ժապաւէնը կը պատմէ երկու ընկերներու մասին, մէկը` լիբանանահայ, իսկ միւսը պարսկահայ, որոնք կ՛երթան Հայաստան, որպէսզի ժապաւէն մը պատրաստեն իրենց երեւանցի գործընկերոջ հետ: Անոնք կը ժամանեն մեծ ակնկալիքներով, սակայն ոչ մէկ բան կ՛ընթանայ ըստ նախատեսուածի: Զանազան խոչընդոտներ յաղթահարելով անոնք ի վերջոյ կ՛իրականացնեն իրենց երազը:
«Թրի ուիքս ին Երեւան»-ը հարուստ է զուարճալի, սրամիտ դէպքերով եւ տեսարաններով: Անոր մէջ իրենց իւրայատուկ տեղը կը գրաւեն Հայաստանի լաւագոյն դերասաններէն Աշոտ Ղազարեանը, Նարեկ Տուրեանը, Խորէն Լեւոնեանը, եւ Լեւոն Յարութիւնեանը: Ժապաւէնին մաս կազմած են նաեւ հանրածանօթ երգիչներ, ինչպէս Թաթա Սիմոնեան, Նունէ Եսայեան, Ինկա եւ Անուշ, Շուշան Պետրոսեան եւ ուրիշներ:
Ցուցադրութենէն ետք, բեմադրիչ Վահիկ Փիրամզէյ եւ դերասան ու գրող Վահէ Պէրպէրեան պատասխանեցին հանդիսատեսներուն հարցումներուն նաեւ իրենց փորձառութեան մասին պատմեցին ներկաներուն:
Ժապաւէնի ոչ հայերու եւս մատչելի է, որովհետեւ անիկա ունի արաբերէն եւ անգլերէն տողատակ:
Յիշեցնենք, որ ժապաւէնը յառաջիկայ օրերուն պիտի ցուցադրուի Սինեմա Սիթիի մէջ` Տորա, Լօ Մոլ` Տըպպայէ, Սթար կէյթ` Զահլէ, Վոքս Սինեմա, Պէյրութ Սուքս եւ Ամփիր Սոտեքօ:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: