Ամանորը Հայաստանի Մէջ Դիմաւորելու Հանդէպ Հետաքրքրութիւնը ՌԴ-ի Մէջ Ցուցանիշ Կ՝արձանագրէ. Skyscanner

Զբօսաշրջային Skyscanner ծառայութիւնը՝ Ամանորը Հայաստանի մէջ դիմաւորելու պահանջարկի ցուցանիշ համարուող աճ արձանագրած է ռուսերու մօտ։ Այս մասին կը հաղորդէ Lenta.ru-ն:

Փորձագէտները վերլուծած են ձմեռնային տօներուն տոմսերու եւ հիւրանոցներու ամրագրման վերաբերեալ տուեալները: Իբրեւ արդիւնք՝ պարզուած է, որ հետաքրքրութիւնը Հայաստանի հանդէպ 2015-ի նոյն շրջանին համեմատ՝ աճած է 119 տոկոսով: Կիպրոսի մէջ արձակուրդի ամրագրումներուն քանակը աճած է 70 տոկոսով, Ազրպէյճանի մէջ` 69 տոկոսով: Ռուսերը նաեւ աւելի շատ սկսած են հետաքրքրուիլ արձակուրդի հնարաւորութեամբ Յունաստանի մէջ` աճը 53 տոկոս, եւ Վրաստանի մէջ` աճը 40 տոկոս:

Scroll Up