Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եօլ-Քեսապ» Հատորի Ներկայացումը
Կազմակերպութեամբ Հայաստանի ի նպաստ վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի ներկայացնէ իր խմբագրած եւ հիւսիս-արեւելեան Միջերկրականի հայ համայնքներուն նուիրուած՝ «Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եօլ-Քեսապ» հատորը։
Հատորը 14րդն է՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կազմակերպած եւ Պատմական Հայաստանի նահանգներուն ու քաղաքներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովներուն ընթացքին ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները համադրող հատորներու շարքին:
Սոյն հատորին մէջ նիւթեր կան նշեալ շրջաններու հայ համայնքներուն, Ֆրանսայի կողմէ Ալեքսանտրէթի դաւադրաբար Թուրքիոյ յանձնումին (1939) եւ նոյնիսկ 2014ին տեղի ունեցած Քեսապի եռամսեայ բռնագրաւման մասին:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Պուլղուրճեան» սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: