Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Շուրջ 700 Կրակոց Արձակուած է. ԼՂՀ ՊՆ
Դեկտեմբեր 5 լոյս 6-ին Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի տարբեր հատուածներու ուղղութեամբ՝ հակառակորդը հրադադարը խախտած է աւելի քան 60 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 700 կրակոց:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ի տարբերութիւն նախորդ օրերուն` խախտումները յատկապէս տեղի ունեցած են ինքնաձիգերէ եւ գնդացիրներէ, ինչպէս նաեւ` դիպուկահար հրացաններէ (73 կրակոց):
ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները զգօն հետեւած են սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած՝ միայն խիստ անհրաժեշտ պարագայի: