Skyscanner. Ամանորը Հայաստանի ՄԷջ Անցնելու Հետաքրքրութիւնը Բարձր Ցուցանիշ Արձանագրած Է ՌԴ-ի Մէջ
Զբօսաշրջային Skyscanner ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ Ամանորը անցնելու պահանջարկը բարձր ցուցանիշ արձանագրած է ռուսաստանցիներու շրջանին մէջ, կը յայտնէ Lenta.ru-ն:
Փորձագէտները վերլուծած են ձմեռնային տօներուն օդանաւներու եւ հիւրանոցներու ամրագրման վերաբերեալ տուեալները: Իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ հետաքրքրութիւնը Հայաստանի հանդէպ 2015-ի նոյն շրջանին համեմատ աճած է 119 տոկոսով: Կիպրոսի մէջ հանգիստի ամրագրումներու քանակը աճած է 70 տոկոսով, Ատրպէյճանի մէջ` 69 տոկոսով: Ռուսաստանցիները նաեւ աւելի շատ սկսած են հետաքրքրուիլ հանգիստի հնարաւորութիւնով Յունաստանի մէջ` աճը 53 տոկոս, եւ Վրաստանի մէջ` աճը 40 տոկոս:
Ամանորին ամենապահանջուած արտասահմանեան ուղղութիւնը ռուսաստանցիներու մօտ կ’ըլլայ Թայլանտը: Երկրորդ տեղը Իտալիան, երրորդը` Յունաստանը: Թօփ-10-ին մէջ են նաեւ Սպանիան, Չեխիան, Թուրքիան, Վրաստանը, Ֆրանսան, ԱՄՆ-ն եւ ԱՄԷ-ն:
ՌԴ մէջ ձմեռնային հանգիստի համար ամենապահանջուած քաղաքներն են Մոսկուան, Ս. Փեթերսպուրկն ու Սոչին: Նախորդ տարուան համեմատ ներգնայ ուղեւորութիւններու քանակը ՌԴ մէջ աճած է 1/3-ով: