Մեկնարկեց Ջաւախքցի Երիտասարդներու Առաջնորդութեան 2-րդ Ծրագիրը
«Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի երիտասարդական յանձնաժողովը, Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդը, «Հարմոնիա» հոգեբանութեան հանրային զարգացման կեդրոնը համատեղ կազմակերպած են առաջնորդութեան դասընթացք ջաւախքցի երիտասարդներու համար արդէն երկրորդ անգամ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Արմենուհի Յովսէփեան` դասընթացքին նպատակն է պատրաստել ջաւախցի առաջնորդներ, որոնք պիտի կարենան ինքնուրոյն նախաձեռնել ծրագիրներ եւ ատոնք իրականացնել, պիտի կարենան համատեղել գործընկերները մէկ գաղափարի շուրջ եւ առաջնորդել զանոնք, պիտի կարենան իրենց մասնագիտական ոլորտին մէջ իրականացուող գործունէութիւնը դարձնել աւելի արդիւնաւէտ: Մասնակիցներուն հետ պիտի հանդիպի ոլորտի յառաջադէմ մասնագէտները, տեսականօրէն պիտի ներկայացնեն եւ այնուհետեւ քննարկեն հետաքրքիր թեմաներ: Դասընթացքը կը ներառէ գործնական հմտութիւններ ինքնազարգացման, մարդկային պաշարներու կառավարման, հռետորութեան, բանակցութիւններու եւ այլ թեմաներու վերաբերեալ:
Դեկտեմբեր 3-ին, Էլիտ պլազա գործարարական կեդրոնին մէջ տրուեցաւ դասընթացքի մեկնարկը: Մասնակիցներուն ողջունեց ՍՈՒԽ-ի հիմնադիր նախագահ Սամուէլ Մկոյեան եւ ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ կը մասնակցիք այս դասընթացքին եւ կը ցանկամ, որ այն իրօք ծառայէ իր նպատակին»: Մասնակիցներուն ողջունեց նաեւ ՀՀԶԿ-ի նախագահ Աշխէն Մկոյեան եւ նշեց. «Դասընթացքին ընթացքին նորանոր բացայայտումներ կ’ունենաք եւ յոյսով եմ, որ այստեղ ստացած գիտելիքները կը ծառայեցնէք Ջաւախքի մէջ»: Դասընթացքին առաջին օրուան դասընթացավարներն էին` քաղաքագիտութեան դոկտոր Լեւոն Շիրինեան եւ «Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոց» ՀԿ-ի նախագահ Հայկ Մամիջանեան: Լեւոն Շիրինեան համառօտ անդրադարձաւ Ջաւախքի պատմութեան, այնուհետեւ բարձրաձայնեց անոր հիմնախնդիրները եւ մասնակիցներուն առաջարկեց միասին լուծում գտնել»: Ան նաեւ խորհուրդ տուաւ երիտասարդներուն շատ կարդալ եւ տիրապետել շատ տեղեկութեան: Հայկ Մամիջանեան մասնակիցներուն ներկայացուց, թէ ի՞նչ է առաջնորդութիւնը, ո՞վ է առաջնորդը եւ ինչպէ՞ս կարելի է դառնալ առաջնորդ: Մեզի հետ զրոյցին մասնակիցներէն Յովսէփը նշեց. «Որոշեցի մասնակցիլ այս դասընթացքին, քանի որ այն շատ հետաքրքրեց զիս: Շնորհակալ եմ կազմակերպիչներուն մեզի այսպիսի հնարաւորութիւն ընձեռելու համար»: 1-ին դասընթացքի մասնակիցներէն Ալինան ալ կիսուեցաւ իր տպաւորութիւններով. «Դասընթացքին շնորհիւ իմ կեանքիս մէջ շատ դրական փոփոխութիւններ եղան: Դարձայ աւելի ինքնավստահ, հասկցայ` ինչպէս ճիշդ նպատակներ դնեմ: Իմացայ գործի գաղտնիքները եւ հիմա քանի մը գործի նախագիծեր ունիմ, որոնք վստահաբար պիտի իրականացնեմ»: