Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 95 Ամեակի Ընդունելութիւն

Ցեղասպանութեան արհաւիրքը բալասանելու՝ հայ քաղաքական համախոհ կազմակերպութիւններու եզակի միութենէ մը ծնած (1921) Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը 95 Տարեկան է այս տարի:

Ինչպէս այլ շրջանակներու մէջ նաեւ Լիբանանի մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը երէկ երեկոյեան կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը այս առիթով:

Արդարեւ, երէկ երեկոյեան Թէքէեան կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի քաղաքական աւագանիին եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ բարեկամ հանրութեան (որոնք սրահի մուտքին շնորհաւորեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներուն) տեղի ունեցաւ կոկիկ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին արաբերէն լեզուով խօսք առաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետը:  Հրամցուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր:

Աւարտին հատուեցաւ ՌԱԿ 95 ամեակի կարկանդակը:

Scroll Up