«Արմատ»-ը Կ’ամրացնէ Արմատները

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» Ելեկտրոնային լրատուամիջոցը պարբերաբար կ’անդրադառնայ Սփիւռքի մէջ գործող հայապահպան կառոյցներու գործունէութեան: «Հայերն այսօր»-ի խնդրանքով Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց թեմի «Արմատ» կիրակնօրեայ դպրոցի ուսմասվար, պետական «Ցենտրալնի» ստեղծագործական կեդրոնի մանկավարժ Երազիկ Յարութիւնեան  ներկայացուցած է այդ հայապահպան կառոյցի ծաւալած  գործունէութիւնը.

– Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց Թեմի «Արմատ» կիրակնօրեայ դպրոցը (անցեալին` «Խաչքար») հիմնադրած է 2007թ. Գերաշնորհ Մովսէս Մովսէսեան եպիսկոպոսի օրհնութեամբ, բարերարներ Անտրէ Ամոսովի եւ Կարէն Գրիգորեանի  օժանդակութեամբ եւ Երազիկ Յարութիւնեանի ուսումնական ծրագիրով: Դպրոցը նախ տեղակայուած էր սբ.  Յովհաննէս Աւատարանիչ եկեղեցւոյ ծառազարդ բակին մէջ, երկու փոքրիկ, լուսաւոր սենեակներու մէջ, իսկ  2014 թ.-էն տեղափոխուած է «Վարդանեան» նորակառոյց կեդրոնի յարմարաւէտ շէնք:

Այս դպրոցը թէեւ ընդունուած կարգով կը կոչուի կիրակնօրեայ, բայց կ’աշխատի շաբթուան հինգ օրերուն: Այստեղ նոր խումբերու մէջ ընդունելութիւն կը կատարուի երեք անգամ` Սեպտեմբերին, Յունուարին եւ Ապրիլին: Ամէն տարի կ’ընդունուի շուրջ յիսուն նոր երեխայ, աշակերտներուն թիւը կը տատանուի 300-350-ի շուրջ: Դպրոցը 2016-17 ուսումնական տարուան մէջ ստացած է պետական հաւաստագիր, որպէս լրացուցիչ կրթութեան կեդրոն եւ այստեղ հայոց լեզուին, գրականութեան եւ հայրենագիտութեան համալրած են նկարչութեան, երգի, պարի, անգլերէնի, հայկական ժողովրդական նուագարաններու խմբակները: Այս դպրոցին մէջ 4-էն մինչեւ 50 տարեկան սաները կ’ուսումնասիրեն ժամանակակից հայոց լեզու, գրականութիւն, հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի եւ ազգագրութեան հիմունքներ, հայ կրօնի եւ եկեղեցւոյ պատմութիւն: Իւրաքանչիւր խումբ 40 վայրկեաննոց երկու կամ երեք դասի կու գայ շաբաթական 1-2 անգամ: Բոլոր եկեղեցական եւ ժողովրդական տօներուն ու նշանաւոր տարեթիւերուն առիթով այստեղ կը կազմակերպուին գրական-գեղարուեստական ձեռնարկներ: Խումբերը  կազմուած են 10-16 աշակերտներէ եւ ունին իրենց անուանումները: «Փոքր Մհեր», «Սասունցի Դաւիթ», «Մեսրոպ Մաշտոց», «Մեծ Մհեր», «Ուրարտու», «Խաչքար» հիմնական դասարանները, եւ «Այվազովսկի», «Կոմիտաս» «Առնօ Բաբաջանեան» «Վախթանգով» գեղարուեստական արհեստանոցները կահաւորուած են ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան, հայկական շունչով: Դպրոցին մէջ ուսանող ուսման տարբեր ժամկէտներով եւ իրենց առջեւ դրուած ամենատարբեր առաջադրանքներով.  «Հայկ», «Արա Գեղեցիկ», «Նարեկացի», «Կոմիտաս», «Արարատ»,  «Մեծ Մհեր», «Հարեգին Նժդեհ», «Անդրանիկ» եւ այլ աւագ խումբերու ուսանողներն ու երիտասարդները կը դառնան Թեմի երիտասարդական կազմակերպութեան առանցքը եւ կը ծաւալեն հայանպաստ գործունէութիւն քաղաքին եւ երկրամասին մէջ:

 «Արմատ»  դպրոցը սերտ համագործակցութեան մէջ է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան ու Սփիւռքի նախարարութիւններուն հետ, կը մասնակցի համահայկական բոլոր ձեռնարկներուն: Այստեղ դասաւանդող հայոց լեզուի չորս ուսուցիչներն ալ` Երազիկ Յարութիւնեանը, Մեքսիտա Յովհաննիսեանը,  Արշալոյս Երեմեանը եւ Կարինէ Կատանեանը տարբեր տարիներու արժանացած են «Մայրենիի պաշտպան» համահայկական մրցոյթի առաջին կարգի մրցանակի, վերջերս դպրոցի ուսմասվար Երազիկ Յարութիւնեան արժանացաւ ՀՀ Վարչապետի յուշամետալի` «Հայոց լեզուի եւ գրականութեան պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար»: Այս դպրոցի աշակերտները 4 անգամ գլխաւոր մրցանակ  շահած են «Մենք եղել ենք, մենք կանք, մենք կը լինենք» խորագիրով գրական ստեղծագործութեան համահայկական մրցոյթին եւ արժանացած պատուոգիրներու Երեւանի Գեղագիտական դաստիարակութեան կեդրոնի` պատանի նկարիչներու ամէնամեայ մրցոյթին: Աւանդական դարձած է մասնակցութիւնը տարբեր առարկաներու համահայկական մրցոյթներուն:

«Արմատ» դպրոցը 2 անգամ արժանացած է Սփիւռքի նախարարութեան մրցանակին:

Դպրոցի հիմնադրումէն ետք շատ քիչ ժամանակ պահանջուեցաւ, հասկնալու համար, որ ռուսախօս երեխային հայկական դպրոցի դասագիրքերով շաբաթական մէկ երկու դասաժամի ընթացքին հայերէն չես սորվեցներ: Ռուսախօս միջավայրի համար եղած ուսումնական ձեռնարկները կամ ժամանակավրէպ էին, կամ բարդ կամ ալ անհետաքրքիր: Հայկական դպրոցը ունի  հնամեայ աւանդներ, իսկ Սփիւռքը`  մայրենի լեզուի դասաւանդման հարիւրամեայ փորձ: Կը թուի` ոչ մէկ նոր խօսքի կարիքը եւ հնարաւորութիւնը կայ այս ասպարէզին մէջ: Սակայն, իւրաքանչիւր միջավայր եւ ժամանակաշրջան կը ծնին իրենց իւրայատկութիւնները, եւ կրթութեան, դասաւանդման մեթոտաբանական համակարգին մէջ կարծրատիպեր ըլլալ չեն կրնար: Կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ հայերէնը կը դասաւանդուի որպէս օտար լեզու, իւրաքանչիւր աշակերտ կը ցանկայ կարճ ժամկէտի մէջ հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու` գործադրելով նուազագոյն ջանքեր: Շեշտը առաջին հերթին կը դրուի բանաւոր խօսակցական լեզուի վրայ: Այս պահանջները բաւարարող դասագիրքերը օրապահանջ էին:

Հիմք դրուեցաւ կրթական նոր ծրագիրներու, որոնց արդիւնքով ծնաւ «Արմատ» հնգամաս կրթական համալիրը: Այն հաւանութեան արժանացած է ՀՀ Կրթութեան ազգային հիմնարկին մէջ եւ երաշխաւորուած ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան ու Սփիւռքի նախարարութիւններուն կողմէ:

Համալիրը կ’ընդգրկէ «Հայկ», «Փոքր Մհեր», «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Մեծ Մհեր» ուսումնական ձեռնարկները, բառարան, ձայներիզներ, փոխազդեցիկ նիւթեր:

Դպրոցը կը ղեկավարուի երիտասարդ մասնագէտ Ալեքսանդր Բարսեղեանի կողմէ եւ մշտապէս կը գտնուի «Վարդանեան» կեդրոնի տնօրէն Տէր Սարգիս Թաշջեանի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ:

Մշտապէս կը նորոգուի հիմնական սկզբունքը` երեխան պէտք է գայ հայկական դպրոց, որպէս տօնի, հաճելի հաղորդակցման, ուր իրեն կը սիրեն, կը հասկնան, միշտ պատրաստ են օգնելու: Լեզուամտածողութիւնը ազգային երեւոյթ է եւ արժէք: Մայրենի լեզուի հետ ամենամակերեսային շփումը անգամ պէտք է պարգեւէ հոգեկան ներդաշնակութիւն եւ բաւարարուածութիւն: «Արմատ» դպրոցը Գրասնոտարի հայերուն համար դարձած է այն ամենաջերմ օճախը, ուր անսքօղ կարելի մտնել որեւէ տրամադրութեան պարագայի, ցանկացած խոհերով, խնդրանքներով եւ առաջարկութիւններով կիսուելու համախոհներուն հետ: Այստեղ հաւասարաչափ իրենց լաւ կը զգան եւ՛ հինգ տարեկան փոքրիկը, որ նկարներով եւ տեսանիւթերով կը սորվի իր առաջին հայերէն բառերը, եւ՛ յիսուն տարեկան, արդէն տատիկ դարձած հայ տիկինը, որ նոր  միայն հասկցած է , թէ ինչ կը խանգարէ  զինք հոգեկան բաւարարուածութիւն ձեռք բերելու, եւ՛ քսանամեայ երիտասարդը, որ կը ցանկայ ուղղել ծնողներուն սխալը եւ որոնել արմատներու մատնանշած հետաքրքրութիւններու ամենալայն շրջանակները… Եւ այս այն միակ վայրն է, ուր միասին կարելի է երազել Հայաստանի հզօրութեան եւ տունդարձի մասին, երազել, ձգտիլ, ուղիներ որոնել, առաջարկութիւններ ընել, երբեմն ալ հայանպաստ նախաձեռնութիւններ հեղինակել:

Երազիկ Յարութիւնեան

Ք. Գրասնոտար

Հ.Գ. Նոյեմբեր 28-29 Գրասնոտարի Հայոց թեմի Առաջնորդարանի «Վարդանեան» կեդրոնին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց թեմի, Ռուսաստանի հայերու միութեան Գրասնոտարի երկրամասի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ կայացած «Մայրենի լեզուի ուսուցման խնդիրները Ռուսաստանի Դաշնութեան հայ համայնքներուն մէջ» տարածաշրջանային համաժողովի ժամանակ ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան ՀՀ վարչապետի յուշամետալ  յանձնած է Երազիկ Յարութիւնեանին:

%d5%a1%d6%80%d5%b4%d5%a1%d5%bf

Scroll Up