Հ.Օ.Մ.-ի Միջշրջանային Վարչութիւններու Ժողովը

Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով, եւ Գանատայի Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան հիւրընկալութեամբ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 12-ին, տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.ի միջվարչական ժողովը, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ նախկին Կեդրոնական վարչութեանց անդամներուն հետ, ի ներկայութեան անցեալ Կեդրոնական Վարչութեանց չորս ատենապետներու՝ յանձինս ընկերուհիներ Շաքէ Մինասեանի, Վանուհի Իսաջանեանի, Յասմիկ Տէրտէրեանի եւ Վիգի Մարաշլեանի:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին ժողովը բացուեցաւ Մոնրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգով, որուն յաջորդեց ներկաներու ծանօթացում, ապա, Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի՝ Գարոլին Շմաւոնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր շրջանի, մասնաճիւղի եւ անդամի՝ որ կը շարունակէ Հ.Օ.Մ.-ի համամարդկային առաքելութեան գործադրումը սփիւռքեան ու հայրենի տարածքներէ ներս։
«Ի վերջոյ ի՞նչ է Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութիւնն ու տեսլականը եթէ ոչ ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու միջոցներ ստեղծել մեր լաւագոյն ջանքերով,» ըսաւ ան, «Մեր Հ.Օ.Մ.-ուհիները, արժանի իրենց կոչումին, կը շարունակեն օգնութեան ձեռք երկարել ուր որ կարիքը կայ։ Այս իրողութիւնը փաստուեցաւ անցեալ Ապրիլին, Արցախի քառօրեայ պատերազմին, երբ Վարչութիւնը կոչ ուղղեց իր անդամներուն եւ համայն ժողովուրդին Արցախի հայութեան օգնութեան հասնելու։ Մենք ձեռնծալ չմնացինք»։

Ընկերուհին ծանրացաւ հարցերու վրայ, որոնք այսօր, 107-րդ ամեակի սեմին, Հ.Օ.Մ.-ը կը դիմագրաւէ. Մարտահրաւէրներ՝ որոնց կարգին.- անդամարշաւ՝ շարքերը ոգեւորելու եւ հզօրացնելու համար. նիւթական ապահովելու նորանոր միջոցներ ի գործ դնել Հ.Օ.Մ.-ի տնտեսական առօրեան աւելի հեզասահ դարձնելու հեռանկարով. Հիմնադրամը ուռճացնել, պատրաստ ըլլալու համար անակնկալ տագնապներու դիմագրաւման. Վերարժեւորե՛լ Հ.Օ.Մ.-ի ծրագիրները, անոնց շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով, ու քարոզչական տեսակէտով՝ օգտագործել բարելաւուած միջոցներ, միութեան վարկը առաւել եւս բարձրացնելու առաջադրութեամբ։
Շմաւոնեան շարունակեց, «Պատկերացուցէ՛ք թէ 107 տարիներ առաջ Հ.Օ.Մ.-ը սկսաւ Նիւ Եորքի մէկ մասնաճիւղով եւ այսօր ունինք 213 մասնաճիւղեր՝ 27 երկիրներու մէջ։ Յարափոփոխ այս համաշխարային պայմաններուն մէջ, մեր պարտականութիւնն է վա՛ռ պահել Հ.Օ.Մ.-ի տեսլականը։ Ու վերջապէս, կողք-կողքի, միասնակա՛ն ճիգերով յաջողութեա՛մբ պսակել մեր աշխատանքները»։
Շմաւոնեան իր խօսքը աւարտեց յիշեցնելով թէ այս հանդիպումը աւանդական մեր ժողովներէն չէ։ Կեդրոնական Վարչութեան ակնկալութիւնն է ժողովականներու անկաշկանդ ներդրումը դրուած հարցերու առնչութեամբ, եւ անոնց փորձառութենէն օգտուելով, միասնաբա՛ր լուծումներ գտնել մեր կազմակերպական կառոյցը ամրապնդելու եւ յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարով։
Երկրորդ խօսք առնողը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն էր: Ան բարձր գնահատեց Հ.Օ.Մ.-ի տարած լայնածաւալ համաշխարհային աշխատանքները, յատկապէս շեշտելով Արցախի եւ Սուրիոյ իրերայաջորդ տագնապները, ուր Հ.Օ.Մ.-ը առաջիններէն եղաւ օգնութեան ձեռք երկարելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Առաւել եւս շեշտեց Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերաշինութեան ծրագիրը, որ յոյս ու կորով կը ներշնչէ Արցախի մեր հայրենակիցներուն:
Ապա, ներկաները պաստառի վրայ, սահիկներու ընդմէջէն դիտեցին Կեդրոնական Վարչութեան 2015-2016 տարեշրջանի միամեայ աշխատանքները:
Ժողովին օրակարգը շարունակուեցաւ Շրջանային Վարչութեանց հակիրճ զեկոյցներով. հերթականութեամբ բեմ հրաւիրուեցան Աւստրալիոյ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ատենապետերը, ընկերուհիներ՝ Նորա Սեւակեան, Ռէպէքա Պէրպէրեան, Թալին Տաղլեան եւ Արմինէ Կարապետեան: Ժողովականները լսեցին ընկերուհիներուն զեկոյցները, որոնք կը պատասխանէին Կեդրոնական վարչութեան կողմէ միաւորներուն ուղղուած երեք հարցումներուն՝ ա) Միաւորի գործունէութեան հիմնական յաջողութիւնն ու անյաջողութիւնը (լուսաբանութիւն), բ) մարտահրաւէրներ, գ) տեղական գաղութին հայեացքը Հ.Օ.Մ.-ի նկատմամբ:
Հետաքրքրական էր լսել, թէ որքան կը տարբերին միաւորներու առօրեայ գործելակերպերը, մինչ աւելի նոյնանման են անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Չորս շրջաններն ալ կեդրոնացան կազմակերպութիւնը արդիականացնելու, երիտասարդներ ներմուծելու, եւ նոր անդամներուն այժմէական ծրագիրներ մշակելու պահանջներուն վրայ, միշտ ակնկալելով ներկայ փորձառու ընկերուհիներուն ներդրումը:
ժողովին երկրորդ մասը վարեց Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ՝ Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան, օրակարգ ունենալով Հ.Օ.Մ.-ի մարտահրաւէրներն ու ռազմավարութիւնը՝ անդամարշաւի, նիւթական կարիքներու, հանրային յարաբերութիւններու, ծրագիրներու մշակման, ու կազմակերպչական հարցերու այժմէական մարզերէն ներս:
Տէրտէրեան իր ներկայացումը կատարեց սահիկներու ընդմէջէն, միշտ ակնկալելով ներկաներուն տեսակէտները, եւ լուրջ քննարկման ենթարկելով իւրաքանչիւր մարտահրաւէր: Հարցադրուեցան նոր սերունդը Հ.Օ.Մ.-ի շարքերը ներգրաւելու պահանջն ու իրատես ակնկալութիւնները, եւ նոր ծրագիրներ ու նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու կարողականութիւնը: Որպէս համաշխարհային կազմակերպութիւն՝ լեզուական դժուարութիւնները, հայ լեզուն եւ մեր դարաւոր մշակոյթը պահպանելու առկայ միջոցները, դաստիարակչական ծրագիրներու յարատեւութիւնը: Ֆինանսական գետնի վրայ՝ Հ.Օ.Մ.-ի հիմնադրամի ամրապնդման կարեւորութիւնը: Քարոզչական տեսակէտով՝ 21-րդ դարու արդիական մեքենան լաւագոյն ձեւով օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը՝ շրջաններու եւ Կեդրոնական Վարչութեան արթուն հաղորդակցութիւնը, ե-նամակի հասցէներու այժմէականացումը, եւ վերջապէս, Արցախի քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, Ապրիլ 2016-ին սկսած «Crowd Funding»ի եւ ապա «Classy» միջոցառումներու օգտագործումը:
Տէրտէրեան շեշտեց, թէ որպէս միջազգային բարեսիրական կանանց կազմակերպութիւն, անհրաժեշտ է միշտ պատնէշի վրայ կանգուն ըլլալ, կարենալ դիմագրաւելու համար նորանոր մարտահրաւէրներ: Հայ Օգնութեան Միութիւնը տարածքային սահմաններու վրայ հիմնուած չէ, այլ՝ ներկայ է հոն՝ ուր կ՚ապրի եւ կը շնչէ հա՛յ ժողովուրդը:
Խմբական աշխատանքներու ընդմէջէն, ժողովականները ուղղակի կամ անուղղակի իրենց ներդրումը ունեցան ժողովին ընթացիկ արդիւնաւորման:
Օրուան աւարտին, Կեդրոնական Վարչութիւնը, գիտակցելով հանդերձ, թէ հարցերը կարելի չէր մէկ օրուայ մէջ լուծել, գիտակցելով հանդերձ, թէ տրուած ժամանակը բաւարար չէր այսքան լայնածաւալ օրակարգ մը ամբողջացնելու, եկաւ այն եզրակացութեան, թէ արդիւնքը՝ դրակա՛ն էր, եւ եզրափակեց՝ ըսելով թէ աշխատանքը ընթացքի մէջ է եւ ընդհանուր ծրագիր մը պատրաստելու սկզբնական քայլերը առնուած էին:
Յաջորդող օրերու ընթացքին, Նոյեմբեր 14-17, Մոնրէալի հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստը, ուր քննարկուեցան Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման վերջին տուեալները, Սուրիահայութեան եւ մանաւանդ Հալէպահայութեան առնչուող վերջին տագնապալի իրադարձութիւնները, անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու կարելիութիւնները, Մ.Ա.Կ.-ի ծիրէն ներս Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութեան ընթացքը եւ ծիրը ընդարձակելու կարելիութիւնները, ընդհանրապէս Հ.Օ.Մ.-ի աշխատանքներն եւ մնայուն ծրագիրները ու Միութեան շրջանային կառոյցներու հիմնախնդիրները:
Նիստերէն անկախ, ժողովականները, ճաշասեղաններու շուրջ բոլորուած, վայելեցին մտերմիկ ընկերային մթնոլորտներ:
Նիստերէն անկախ, ժողովականները ներկայ գտնուեցան Մոնրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառի պաշտօնական բացումին, այցելեցին եկեղեցւոյ հարեւանութեանը գտնուող տունը, որ Գանատայի Հ.Օ.Մ.-ուհիներու ջանքերով դարձած է հանդերձի եւ տնային անհրաժեշտ պիտոյքներու մթերման կեդրոն մը Սուրիահայ գաղթականներու կարիքները ապահովելու համար եւ ճաշասեղաններու շուրջ բոլորուած, վայելեցին մտերմիկ ընկերային մթնոլորտներ:
Բարձր գնահատելով տարուած աշխատանքը, Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գանատայի Թեմակալ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գանատայի Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, Մոնրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու ցուցաբերած հիւրընկալութիւնը, ինչպէս նաեւ, Շրջանային վարչութեանց անդամներուն եւ իւրաքանչիւր մասնակիցներուն բարոյական եւ նիւթական ներդրումները, առանց որուն կարելի միտի չըլլային Նոյեմբեր 12-ի շաբաթավերջի եւ անոր յաջորդող շաբթուան արդիւնաւէտ նիստերը:

Այս մասին կը յայտնէ Հայրենիք:

Scroll Up