Նիւ Եորքի Գոհաբանութեան Տողանցքին «Սայաթ Նովա» Պարախումբին Ելոյթը
Իննսուն տարի անընդմէջ «Մէյսիս» առեւտրական հաստատութեան նախաձեռնութեամբ, Նիւ Եորքի մէջ կը նշուի Գոհաբանութեան աւանդական տօնին առթիւ կատարուած շքերթը:
Հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ այս շքերթին, որ այս տարի կատարուեցաւ Նոյեմբեր 24ին: Առաջին անգամ ըլլալով, այս մեծ ժողովրդականութիւն վայելող ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պոսթընի «Սայաթ Նովա» պարախումբը: Ներկայ զբօսաշրջիկներ եւ տեղացիներ մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին «Սայաթ Նովա»ի ելոյթը, որ կը բաղկանար հայկական ազգագրական պարերէ:
1986ին, Պոսթընի մէջ հիմնուած այս պարախումբին ղեկավարն է Աբօ Աշճեան, որ բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է փառատօներու եւ ելոյթներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի զանազան գաղթօճախներէ ներս: 1995ին, «Սայաթ Նովա» պարախումբը այցելած է Հայաստան եւ շրջագայած ու ունեցած բազմաթիւ ելոյթներ:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: