Արցախի Համար Դրամահաւաք-Ձեռնարկները Կը Շարունակուին

Շարունակելով Հեռուստամարաթոն 2016-ի բոլորաշրջանը Հիմնադրամի տեղական մարմինները կ’իրականացնեն իրենց հերթական դրամահաւաք-ձեռնարկները: Նոյեմբեր 27-ին Պրազիլիոյ մէջ իրականացուած է հեռախօսամարաթոն, իսկ Մոնրէալի մէջ` դրամահաւաք-ճաշկերոյթ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պաշտօնական կայքէն:

Դեկտեմբեր 7-ին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի տեղական մարմնի ամէնամեայ ռատիօթոնը, իսկ Դեկտեմբեր 11-ին հեռախօսմարաթոնէն բացի Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմինը պիտի իրականացնէ  բարեգործական քայլարշաւ:

Հանգանակութիւնները կը գումարուին Հեռուստամարաթոնի աւարտին յայտարարուած 15 428 777 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւններուն եւ նուիրատուութեան խոստումներուն եւ կը հրապարակուին:
Հիմնադրամը կը շարունակէ նուիրատուութիւններ ընդունիլ:

isja5kqdqwtgkeyfftc0n2rkc4 tbay5j9gx7bvmtfarz7rebitsn

 

Scroll Up