Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Գեղանկարիչ Միսաք Թերզեանի «Լռութեան Ձայներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսի Բացում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Միսաք Թերզեանի գեղանկարներու «Լռութեան ձայնը» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացումը:
Ցուցասրահին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ յայտնեց, թէ Թերզեանի 127-րդը եղող այս ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած գեղանկարներուն մէջ յստակօրէն կը տեսնենք գոյատեւելու, վերապրելու եւ վերարտադրելու ոգին: «Իր գոյներուն մէջ կայ ուժականութիւն, շարժումներուն մէջ` բարձրաթռիչ սլացքներ, եւ վերջապէս` իր գործերը ապագայի յոյս եւ ուրախութիւն կը ներշնչեն», ըսաւ ան:
Ապա խօսք առաւ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, որ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ներկայացուց իր գեղանկարներուն նիւթը եղող լուռ ձայները, որոնք ծնունդ կ’առնեն մարդ արարածի անփոյթ ու վայրագ արարքներուն հետեւանքով: Ան իբրեւ օրինակ նշեց որսորդներու կողմէ սպաննուած թռչունները, որոնց ձայները լռեցուած են հիմա: Լուռ ձայնը անոր համար կը ներկայացնէ նաեւ վերջերս մահացած իր գեղանկարչութեան ուսուցիչը` Կիւվտէրը, որ իրեն սորվեցուցած է ո՛չ միայն գոյներու գաղտնիքները, այլ իրեն տուած քաջութիւն ու արուեստի նկատմամբ գնահատանք:
Թերզեան նաեւ անդրադարձաւ իր գեղանկարներուն մէջ երեւցող երաժշտական նուագարաններուն, զորս կը տեսնենք, սակայն անոնց ձայնը չենք լսեր, որովհետեւ լուռ են եւ կը խորհրդանշեն կեանքէն բաժնուած մեծ երաժիշտներ, ինչպէս Կոմիտասը: Ան նշեց, որ լուռ ձայն են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը, մասնաւորաբար այն մանուկները, որոնց ձայները խեղդուեցան իրենց մօր արգանդին մէջ եւ այն երիտասարդները, որոնք չկրցան ամուսնանալով բազմանալ: Վերջապէս պատերազմը, որուն զոհերը եւս հայեր են, եւ մենք լուռ կը մնանք, որովհետեւ ոչինչ կրնանք ընել:
Սակայն Թերզեան նշեց, որ իր գեղանկարներուն մէջ օգտագործած է նաեւ վառ գոյներ, որոնք կը խորհրդանշեն նոր կեանք եւ յոյս:
Ցուցադրուած են 28 գեղանկարներ, որոնք գրեթէ բոլորն ալ այս տարուան գործեր են, բացի քանի մը հատէն, որոնք գծուած են 2015-ին, եւ արուեստագէտը ուզած է անգամ մը եւս լոյս սփռել անոնց վրայ:
«Լուռ ձայներ» ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 12 դեկտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: