Այս Գիշեր Ատրպէյճանի Զինուժը Հրադադարը Խախտած Է Բոլոր Ուղղութիւններով. Հայկական Կողմը Կորուստներ Չունի. ԼՂՀ ՊԲ
Դեկտեմբեր 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով հակառակորդը շարունակած է խախտել հրադադարի պահպանման կարգը:
ԼՂՀ ՊԲ-էն կը յայտնեն, որ առաւել ուժգին խախտումներ արձանագրուած են առաջնագիծի արեւելեան հատուածին մէջ, ուր, բացի տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն /շուրջ 1400 կրակոց/ հակառակորդը կիրառած է նաեւ 60 եւ 82 մմ-ոց ականանետեր /9 արկ/ եւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ /1 արկ/: Ընդհանուր առմամբ, նշուած ժամանակահատուածին, ատրպէյճանական կողմը հրադադարի պահպանման կարգը խախտած է մօտ 125 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց:
Հրադադարի կարգի խախտման արդիւնքով հայկական կողմը կորուստ չէ ունեցած:
Ինչ կը վերաբերի երէկ երեկոյեան ատրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած այն լուրերուն, թէ իբր ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղի ունեցած «դաժան մարտերու ընթացքին» հայկական կողմը տուած է 1 զոհ եւ 9 վիրաւոր, ոչ այլ ինչ է, քան հերթական ապատեղեկատուութիւն:
ՊԲ յառաջապահ ուժերը, ինչպէս երէկ` ողջ օրուան ընթացքին, այնպէս ալ անցած գիշեր շարունակած են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ անհրաժեշտութեան պարագային հակառակորդին տուած համարժէք պատասխան:
Այս պահի դրութեամբ իրավիճակը հանգիստ է: