Կառավարութեան ՄԷջ Քննարկուած Են Տարբեր Ներդրումային Ծրագրաշարեր
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են արտահանման խթանման, հայ արտադրողներու մուտքը նոր շուկաներ ապահովելուն վերաբերող հարցեր: Ըստ ոլորտներու, վարչապետ Կարապետեանին ներկայացուած են ներդրումային փաթեթներ` փոխադրութեան, կապի, տեղեկատուական արուեստաբանութիւններու, ուժաբանութեան, գիւղատնտեսութեան զարգացման վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին, յատկապէս, անդրադարձ կատարուած է տնտեսութեան այն ճիւղերուն, ուր առկայ է արտահանման ներուժ: Իրականացուող քայլերը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով, Կարէն Կարապետեան յանձնարարած է առաւել ուժեղացնել շփումները մասնաւոր հատուածին հետ: