Ոչ Եւս է Ընկեր Տիգրան Սարգունին

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած շրջանի ազգային կառոյցներու մէջ լայն գործունէութիւն ծաւալած, հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր Տիգրան Սարգունիի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 26 Նոյեմբերին, Լոս Անճելոսի մէջ:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ