Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցին Տօնեց Իր 116րդ Տարեդարձը
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը Կիրակի, Նոյեմբեր 20ին, եպիսկոպոսական Ս. պատարագով ու պաշտօնական ճաշկերոյթով տօնեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 116րդ տարեդարձը, որ նոր նուաճում մը եղաւ պատմական եկեղեցւոյ տարեգրութեանց մէջ:
Պատարագը մատուցանեց ա-ռաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Յընթացս Ս. պատարագի, սրբազանը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ դպիրներէն՝ Մինաս Արիսեանի, Րաֆֆի Աբգարեանի, Կարէն Ծնունդեանի, Նարեկ Աբգարեանի, Յովիկ Օհանեանի, Արմէն Աբգարեանի, Վահէ Օհանեանի ու Զարեհ Աբգարեանի, նաեւ կատարեց եկեղեցական նոր սպասներու օրհնութիւն։
Սրբազանը ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներու պատուոյ շքախումբին ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի՝ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ։ Ս. սեղանին սպասարկեցին շրջանի հոգեւոր հովիւ Տաճատ վրդ. Աշըգեանն ու եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը։
Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ, այս գեղեցիկ տօնակատարութեան համար, ապա ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին՝ 116րդ տարեդարձին առթիւ, յորդորելով ներկաները, որ եկեղեցւոյ եւ համայնքին ծառայեն վերանորոգ կամքով ու հաւատքով։ Ան նշեց, որ ամեակներն ու տարեդարձները առիթներ են ակնարկ մը նետելու անցեալի պատմութեան վրայ եւ յարգանքով ու երախտագիտութեամբ յիշատակելու անունները այն երախտաւորներուն, որոնք հաւատքով հիմնեցին այս եկեղեցին։
Այնուհետեւ, առաջնորդը գնահատեց հոգեւոր հովիւ Տաճատ վրդ. Աշըգեանը, իր անձնուէր գործունէութեան համար, եւ խօսքը ուղղելով նոր ձեռնադրեալ ուրարակիրներուն՝ շնորհաւորեց զիրենք, մաղթելով բեղուն ծառայութիւն, հասնելու համար սարկաւագութեան նուիրական աստիճանին։
Առաջնորդը ապա անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի հատուածին, որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ Տէրունական աղօթքը եւ կը քաջալերէ՝ ըսելով. «Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բախեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի»։ Սրբազանը խօսեցաւ աղօթքի կարեւորութեան եւ զօրութեան մասին։
Տրուած ըլլալով, որ այդ օրը Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Յիսնակի պահոց Բարեկենդանն էր, առաջնորդը նշեց, որ այս ժամանակաշրջանը պէտք է հոգեկան ուրախութեան, սիրոյ եւ բարեգործութեան առիթ ըլլայ, մաքուր սիրտով ու հոգիով դիմաւորելու համար Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը։ Ապա յիշելով Գոհաբանութեան տօնն ու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կազմակերպած 19րդ թելեթոնը՝ սրբազանը կոչ ուղղեց մասնակցելու հանգանակային այս արշաւին ու հայրենանուէր գործին. «Եկէք միասնաբա՛ր կատարենք մեր ազգային պարտականութիւնն ու քրիստոնէական պարտաւորութիւնը՝ հանդէպ մեր հայրենիքին, Արցախին ու Սուրիոյ հայութեան. եկէք բանա՛նք մեր սրտերը եւ լիաբուռն տանք Արցախի ու հայրենիքի ապահովութեան ի խնդիր», եզրափակեց առաջնորդը։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 116րդ տարեդարձի ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ առաջնորդին եւ մասնակցութեամբ աւելի քան 300 հիւրերու։ Ներկայ էին Ֆրեզնոյի շրջանի միութենական ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ եկեղեցւոյ սատար հանդիսացող բազմաթիւ ծխականներ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց հանդիսավարը՝ Տաթեւիկ Էքեզեան, որուն յաջորդեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութիւնը՝ կատարողութեամբ Հայկօ Օհաննէսեանի։ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Ազգ. վարչութեան անդամ Մարք Ա. սրկ. Շիրին, որ ներկաները շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 116րդ տարեդարձին առիթով եւ յիշեցուց, որ այս եկեղեցին «Մայր» կոչումը ստացած է իր պատմական հանգամանքին շնորհիւ, ըլլալով Արեւմտեան Ափի առաջին հայկական եկեղեցին, որուն կամարներուն տակ, անցեալ տասնամեակներուն, ներկայութիւն եղած են բազմաթիւ կաթողիկոսներ ու սրբազան հայրեր, որոնք մաս կազմած են եկեղեցւոյ պատմութեան կերտումին: Մարք սարկաւագ անդրադարձաւ նաեւ այլ պատմական հանգրուանի մը. ան յիշեցուց, թէ այս տարի լրացաւ առաջնորդին ձեռնադրութեան եւ օծման 40րդ տարեդարձը, իսկ Արեւմտեան թեմէն ներս իբրեւ առաջնորդ անոր պաշտօնավարութեան՝ 20րդ տարեդարձը: Մարք սարկաւագ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ առաջնորդին ծառայական կեանքին եւ տասնամեակներու վրայ երկարած անձնդիր նուիրումին, իբրեւ հաւատարիմ մէկ ծառան Աստուծոյ, վեր առնելով անոր արժանիքները: Ան շնորհաւորեց սրբազանը եւ մաղթեց, որ մեր ժողովուրդը բազմաթիւ տարիներ վայելէ անոր ծառայական առաքելութիւնը:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց սրբազանին, որ տարեդարձի այս օրը կը բոլորէ համայնքի զաւակներուն հետ: Ան ըսաւ, որ թէեւ եկեղեցին 116 տարուան կեանք կերտած է, սակայն երիտասարդ դպիրներու ուրարի տուչութիւնը ապացոյց է, որ երիտասարդներ կը վերանորոգեն անոր կեանքը եւ կը ծաղկեցնեն զայն: Ան շնորհաւորեց ուրարակիրները եւ գնահատեց եկեղեցւոյ երէց ծառայողները, որոնք տիպար օրինակներ են նոր սերունդին համար: Ան նաեւ ներկաները հրաւիրեց զօրակցելու երիտասարդներուն կազմակերպած նուիրահաւաքին, որ պիտի ուղղուի Հայաստանի որբերուն:
Խօսք առաւ նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պիլ Սաաթճեան, որ ներկաները ողջունելով՝ յատուկ դրուատիք արձանագրեց եկեղեցւոյ կամաւոր ծառայողներուն, առանց որոնց ներդրումին՝ կարելի պիտի չըլլար իրագործումները մարմնաւորել: Ան ներկաները հրաւիրեց ծափերով գնահատելու յանձնախումբերու եւ ծառայող միաւորներու ատենապետներն ու անդամները: Հոգաբարձութիւնը այս առիթով Անձնդիր ծառայութեան գնահատագիրով պատուեց Ալիս Աբրահամեանը, Մելվին Գէորգեանն ու Խաչիկ Միհրանեանը, իսկ Մարվին Գաբրիէլեան արժանացաւ յատուկ յուշանուէրի, իր բազմամեայ ծառայութիւններուն համար: Վերջապէս, Տայանա Շիրին արժանացաւ գնահատագիրի մը, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն իր բազմամեայ նուիրումին:
Երաժշտական կտորներով հանդէս եկաւ Էտկար Գէորգեան:
Առաջնորդն ու հոգեւոր հովիւը հրաւիրուեցան նոր ուրարակիրներուն յանձնելու յատուկ վկայականներ ու նուէրներ: Հոգաբարձութիւնը որոշած էր այս տարի գնահատել նաեւ եկեղեցւոյ այրերու ընկերակցութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը, անոնց անձնդիր ծառայութեանց համար: Այս առիթով, սրբազանը երկու միաւորներուն շնորհեց օրհնութեան գիր մը:
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ հոգեւոր հովիւին, շրջանի ազգային երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան, անոնց գործակից յանձնախումբերուն, կամաւոր ծառայողներուն ու բարերարներուն մասին՝ վեր առնելով անոնց ներդրումը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ան շեշտեց, որ մեր բոլոր եկեղեցիները կանգուն կը մնան ու պայծառացում կ՛ապրին՝ շնորհիւ անձնդիր ծառայողներու, եւ նշեց, որ վեհափառ հայրապետին կողմէ «Ծառայութեան Տարի» հռչակուած 2016ը կը մօտենայ իր վախճանին, սակայն անոր պատգամին խորքը մէկ տարիով չի սահմանափակուիր, այլ մնայուն պատգամ կը մնայ բոլորիս համար: Առաջնորդը իր խօսքը աւարտեց Գոհաբանութեան տօնէն բխած խոհերով:
Հոգաբարձութիւնը առաջնորդին քահանայագործութեան 40րդ տարեդարձին առթիւ յատուկ անակնկալ մը պատրաստած էր։ Անոնք յատուկ յուշանուէրով մը պատուեցին սրբազանը, այնուհետեւ տեղի ունեցաւ նոյն առթիւ պատրաստուած կարկանդակին հատումը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» մաղթերքով:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: