Հոլանտայի Հանրային Հեռուստաընկերութիւնը` Հայաստանի Մասին

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի եւ Նիտերլանտներու Թագաւորութեան մէջ մեր երկրի դեսպանութեան աջակցութեամբ BNN հանրային հեռուստաընկերութեան «3 op Reis» ճամփորդական ծրագիրի նկարահանող խումբը մէկշաբաթեայ այցելութենէն ետք Հայաստանի մասին 2 տեսաֆիլմ  հեռարձակած է: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն:

Ճամփորդական լրագրողները իրենց առաջին ֆիլմով հոլանտացի զբօսաշրջիկներուն կը ներկայացնեն Վերնիսաժը, Կասկադը, Հանրապետութեան հրապարակը, Ճատրակի տունը, Ծիծեռնակաբերդը, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, այլ վայրեր: Պատասխանելով «Ինչու՞  հայերը ճատրակի մէջ այդքան լաւ են» հարցին` ողիմպիական ախոյեան Տիգրան Պետրոսեան կը պատասխանէ, որ հայերը ճատրակ կը խաղան հաճոյքի համար, եւ որ Երեւանի փողոցներով քալելուն կարելի է տեսնել մեծահասակ տղամարդիկ, որոնք իրենց բակերուն մէջ ճատրակ կը խաղան` փորձելով երիտասարդներուն եւս սորվեցնել: Իսկ թէ ինչու՞  դպրոցներու մէջ ճատրակ կը դասաւանդեն, Տիգրան Պետրոսեան կը պատասխանէ. «Մենք հաւատում ենք, որ երեխաները, որոնք փոքր տարիքից են սովորում շախմատ խաղալ, իւրայատուկ մտածողութեան տէր են դառնում, աւելի ստեղծագործ են խնդիրների լուծման ուղիներ գտնելիս»:

Երկրորդ ֆիլմով հոլանտական  հեռուստաընկերութեան լրագրողները կը ներկայացնեն Հայաստանը: Երեւանէն երթուղայինով կը մեկնին Սեւան` ճանապարհին անկաշկանդ զրոյցի բռնուելով ուղեւորներուն հետ: Կը ներկայացնեն  Սեւանի հմայքը, կ’այցելեն Նորատուսի խաչքարերու համալիր, հանրակառքով կը փորձեն հասնիլ Նորավանք: Լրագրողները նաեւ կը հիւրընկալուին հայկական ընտանիքի մէջ,  քանի մը հայերէն բառ կը սորվին, կը հետեւին օղիի թորման արարողութեան, կը փորձեն եւ կը դիմանան 60 տոկոսանոց թութի օղիի «ազդեցութեան»: Ներկայացնելով Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները` անոնք նաեւ հայկական բնաշխարհով կը զմայլին աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղիի` Տաթեւերու բարձունքէն եւ երկրի մասին ֆիլմը կ’ամփոփեն պատմութեան ու բնութեան ներդաշնակութիւնը խորհրդանշող Տաթեւի վանական համալիրով:

Հայաստանի մասին տեսաֆիլմերը կարելի է դիտել հետեւեալ յղումներով` http://3opreis.bnn.nl/afleveringen/366950 եւ http://3opreis.bnn.nl/afleveringen/366789 :

 

 

Scroll Up