Հայաստանը Արժանացած Է «National Geographic Traveler»-ի «Տարուան Յայտնութիւն» Մրցանակին

Ամփոփուած են «National Geographic Traveler» ամսագիրի ռուսական տարբերակի կողմէ կազմակերպուած լաւագոյն զբօսաշրջային ուղղութեան մրցոյթի առցանց քուէարկութեան արդիւնքները: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հանրային կապերու գրասենեակէն, մրցոյթին որպէս արդիւնք Հայաստանը յաղթող ճանչցուած է «Տարուան յայտնութիւն» անուանակարգին մէջ:
Այս տիտղոսը ապացոյցն է Հայաստանի բազմաբնոյթ զբօսաշրջութեան խթանման ուղղութեամբ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի կողմէ իրականացուող բազում քայլերու: Այն յատկապէս կարեւոր կը համարուի Հայաստանի պատմամշակութային եւ ազգային-հոգեւոր ժառանգութեան` ռուսաստանեան շուկային մէջ ճանաչելիութեան բարձրացման եւ ներգնայ զբօսաշրջային հոսքերու խթանման տեսանկիւնէն:
Աւելի վաղ` այս տարուան ապրիլին, ՀԱՄՀ հրաւէրով ճանաչողական այցի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ հիւրընկալուած էր «National Geographic Россия» ամսագիրի խմբագրակազմը: Այցի արդիւնքով «National Geographic Россия» եւ «National Geographic Traveler» ամսագիրներու մէջ հրապարակուած են Հայաստանին նուիրուած յօդուածներ, իսկ Nat-Geo.ru կայքին մէջ` լուսանկարներու շարք: