Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան Զեկուցեց «Ճշմարտութեան Սլաքը Պատմական Փորձին Եւ Պատմագիտութեան Միջեւ» Նիւթին Շուրջ

Մշակութային, քաղաքական, գաղափարաբանական թէ այլ նիւթերու քննարկման ծիրին մէջ, երէկ՝ երկուշաբթի, 11 նոյեմբեր 2013-ի, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ 86-րդ լսարանը, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ։ Ակադեմականներու, ուսուցիչներու եւ պատմասէր ազգայիններու ներկայութեան կազմակերպուած մամլոյ այս լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանը։ Նախքան այդ Էմմիեան անդրադարձաւ Տատոյեանի եռահատոր գործին, լոյս տեսած 2013-ին, «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ՝ փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ, եօթներորդ դարէն տասնչորրորդ դարեր» խորագիրով»։
Մէջբերելէ ետք Հարվըրտ համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Ճէյմս Ռասըլի անդրադարձը Տատոյեանի գիրքին Էմմիեան ըսաւ. «Ինչպէս գիտէք, հայ ժողովուրդի այսօրուան առաջնակարգ օրակարգերէն մէկն է Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ բնակող, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իսլամ եւ (կամ) իսլամացուած նկատառելի հայ զանգուածը, եւ փրոֆ. Տատոյեանի այս աշխատասիրութիւնը կրնայ նպաստել այս հին-նոր երեւոյթին շուրջ զգացականութեան ախտէն ձերբազատուած աւելի լուրջ, առարկայական ու ճշգրիտ հասկացողութեան մը ձեւաւորման»։ Զանազան համալսարաններու մէջ դասախօսած փրոֆ. Տատոյեան հեղինակ է ութ գիրքերու եւ աւելի քան յիսուն ուսումնասիրութիւններու։
Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբերը՝ փրոֆ. Սեդա Տատոյեան, որ աւելի քան մէկ ժամ խօսեցաւ իր եռահատոր նշեալ աշխատասիրութեան մէջ արծարծուած հիմնական նիւթերուն մասին։
Մօտ հազար էջ հաշուող իր եռահատոր աշխատասիրութիւնը փրոֆ. Տատոյեան ներկայացուց գլխաւոր երեք մակարդակներով.
Ճշմարտութեան սլաքը, որ իմացական է։
Պատմական փորձը։
Եւ պատմագրութիւնը, որ վերակենդանացումն է ապրուած դէպքին։ Դէպքերը կը պատահին, սակայն պատմաբանն է, որ կը ստեղծէ պատմութիւնը։
«Այս բոլոր ազդակներուն արդիւնքն է պատմագրութեան նիւթը՝ «թեքսթ»-ը, թէ որքանո՛վ անիկա կը ցոլացնէ ապրուած իրականութիւնը», ընդգծեց Տատոյեան՝ շեշտելով պատմաբանին որդեգրած ոճին, հարազատութեան, մեթոտին վրայ, ուր եւ կը կայանայ ճշմարտութեան սլաքը։ Իսկ պատմագրութիւնը մօտաւոր վերակառուցումն է դէպքերու, հիմնուած՝ քանի մը աղբիւրներու, երբեմն՝ մէկ աղբիւրի վրայ ու իբրեւ այդպիսին, միշտ ալ ենթակայ է սխալներու։
«Ազգային գործին պատմական պարունակութիւնը կարելի եղածին չափ պէտք է մօտեցնել ճշմարտութեան սլաքին եւ պատմագրութիւնը ձերբազատել ճոռոմաբանութենէ», ընդգծեց Տատոյեան՝ դիտել տալով, որ իր այս աշխատասիրութիւնը վերջին քսան տարիներու իր աշխատանքին արդիւնքներէն մէկն Է։
Ապա ան թուեց երեք հատորներուն իւրաքանչիւրին բովանդակութեան հիմնական բաժինները՝ սկսելով արաբական շրջանէն, 640 թուականէն, որ ըստ կարգ մը հեղինակներու վերջ կը գտնէ 884-ին, իսկ իր դատումով՝ 1071 թուականին՝ Մանազկերտի ճակատամարտով։ Երկրորդ հատորը կ՛անդրադառնայ հայկական «ռէալ փոլիթիք»-ին իսլամական աշխարհին մէջ։ «Մեր գործունէութեան հիմը գաղափարաբանութիւնը չէ, այլ՝ «ռէալ փոլիթիք»-ը։ Մենք ապրած ենք ըստ մեր ճկունութեան, ոչ ըստ մեր գաղափարներուն», աւելցուց ան։
Երրորդ հատորը կ՛անդրադառնայ Կոստանդին Երզնկացիին, «համաշխարհայնացման» միջնադարեան քաղաքներուն, մանաւանդ հայութեան մօտ իսլամութեան պատկերին, որուն մասին երբեք չէ գրուած հայ պատմագրութեան մէջ։
Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ պատմական այդ շրջանին մէջ։ Փրոֆ. Տատոյեան իր մատնանշումներուն մէջ երբեք գոհացուցիչ չգտաւ հայոց պատմութեան դասագիրքերը, ուր գրեթէ անտեսուած են հայ-իսլամական յարաբերութիւնները։
Ան ընդգծեց, որ հայերը եղած են Մերձաւոր Արեւելքի բնիկ ժողովուրդներէն։ «Անանիա Շիրակացիէն ետք մենք աշխարհագիր չունինք», դիտել տուաւ Տատոյեան՝ թուելով օրինակներ՝ իսլամական, արաբական պատմագրութեան մէջ Հայերու առկայութեան մասին։ «Հայկական բնակավայրը շատ աւելի մեծ է, քան հայկական հայրենիքը», նշեց Տատոյեան՝ դիտել տալով, որ հայեր իրենց պատմական հայրենիքի սահմաններէն դուրս մերձակայ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ բնակած են երկար ատեն եւ իրենց ներդրումը ունեցած այդ շրջաններու պատմութեան մէջ, ինչ որ սակայն չէ նշուած հայ պատմագրութեան մէջ։
«Հայոց պատմութեան 90 առ հարիւրը տակաւին չէ ստուգուած», ընդգծեց Տատոյեան։ Ան թուեց Եգիպտոսի պարագան, ուր 11-րդ եւ 12-րդ դարերուն հարիւր հազար հայեր կ՛ապրէին, որոնց մէջ նշանաւոր եղած է հայազգի Պատր Ժամալին, որ «իսլամ հայերէ բաղկացած բանակով մը յարձակած է թուրքերու վրայ՝ արգիլելով վերջիններուն Եգիպտոս մուտքը գէթ մինչեւ 1171 թուական (1074-էն 1171)։ Նմանապէս, Պատր Ժամալի Եգիպտոսէն հեռու պահած է թիւրքմենները, ինչպէս նաեւ՝ խաչակիրները։
«Մեր աղբիւրները նեղ են», բնորոշեց Տատոյեան՝ առաջարկելով վերամտածել, թէ ի՛նչն էր հայը հայ պահողը։ Ան շեշտեց, որ հայեր ազդու գործունէութիւն ունեցած են իսլամական աշխարհին մէջ, ինչ որ սակայն չէ բացայայտուած հայ պատմագրութեան մէջ։ Փրոֆ. Տատոյեան յայտնեց, որ իր եռահատոր աշխատասիրութիւնը վիճարկումներ կ՛արծարծէ՝ հարցադրումներ կատարելով հայ պատմագրութեան մէջ եղած բացթողումներու մասին։
«Մեր պատմութիւնը այն չէ, ինչ որ եղած է, նոյնիսկ եթէ ճիշդ է՝ պակասաւոր է», շեշտեց Տատոյեան՝ նշելով, որ «անկողմնակալ» բառը դժուար է նշել։ «Մեր պատմագրութիւնը ծառայած է նախարարական տոհմերու», աւելցուց ան՝ կոչ ուղղելով աւելի գիտական հիմերու վրայ գրելու պատմութիւնը։ «Մեր հայեցակէտը միշտ նեղ եղած է եւ վնասած է մեր պատմագրութեան», եզրափակեց փրոֆ. Տատոյեան։
Աւարտին փրոֆ. Տատոյեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։