Գարտինալի 37-Րդ Տարեկան Ընթրիքը
2016թ. Նոյեմբեր 10-ին Գարտինալ Թոմաս Գոլինզի հրաւէրով՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխ-Առաջնորդ, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանն ու Երեցկին Նաիրա Զարգարեանը, ներկայացնելով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմը, մասնակցեցան Գարտինալի տարեկան ընթրիքին։
Թորոնթոյի Արքեպիսկոպոս Գարտինալ Գոլինզը, բարի գալուստ մաղթեց «Թորոնթոյի Մեթրօ Համագումարներու Կեդրոնին» մէջ տեղի ունեցած Գարտինալի 37-րդ տարեկան ընթրիքին ներկայ 1800 հիւրերուն։
Այս աւանդութեան հիմնադիր՝ հանգուցեալ Ճերալտ Իմէդ Գարտինալ Գարթըր, լիակատար համոզուած էր, որ գործարար, քաղաքական և կրօնական համայնքները պետք է եղբայրաբար համախմբուին, ամրապնդելու համար մեր աշխատած, ապրած և պաշտամունքները կատարած միջավայրերը։