«Ոսկէ Աշուն»-ը՝ Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ

Նոյեմբեր 27-ին Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Ոսկէ աշուն» ձեռնարկը: Աշունը այստեղ բացայայտուած է տարբեր ձեւով. հիւր եկած է տարուան ամենագունեղ եղանակը` իր բոլոր գոյներով եւ բերք ու բարիքով: Ձեռնարկին ընթացքին զգալի եղած է աշնան շունչը, որուն մասնակցած է ԱԵԿ-ի տարբեր խմբակներ յաճախող մօտ 100 սան: Կեդրոնի սաները հանդէս եկած են երգով, ասմունքով եւ պարային կատարումներով: Կը տիրէր աշնանային բարձր տրամադրութիւն:

Ձեռնարկին ընթացքին ամենագեղեցիկն ու ամենատպաւորիչը եղած է ԱԵԿ-ի ամենափոքր /4-6 տարեկան/ սաներու պարային կատարումը: Արժէ նշել, որ այդ փոքրիկ սաները կեդրոն սկսած են յաճախել ընդամէնը երկու ամիս առաջ:

Տեղի ունեցած է նաեւ սեղանիկներով մրցոյթ եւ «հմուտ ձեռքեր» խմբակներու ուսուցիչներուն միջամտութեամբ՝ սեղանիկները դարձած են գեղեցիկ եւ նրբաճաշակ: Իսկ աւարտին, իր շնորհակալական խօսքը ուղղելով հանդիսատեսին, մանկավարժական անձնակազմին եւ մասնակից սաներուն` ԱԵԿ-ի պատասխանատու Արթուր Գաբրիէլեան, մրցակցող երկու խումբերուն, իրենց գեղեցիկ մասնակցութեան համար, յանձնած է պատուոգիրներ, կը գրէ akhaltskha.net-ը:

 

Scroll Up